Եղեռնի 100ամեակի ոգեկոչման Լոս Անճելըսի հայութեան համագաղութային պաշտօնական ձեռնարկը տեղի ունեցաւ, Շաբաթ, Ապրիլ 25, 2015ին, կէսօրուան ժամը 12ին: Մոնթեպելլոյի Նահատակաց յուշարձանին առջեւ ներկայացած էին յարանուանութեանց հոգեւոր առաջնորդները, համայնքի գլխաւոր բոլոր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները, քաղաքական դէմքեր, եւ աւելի քան 2500 հայորդիներ: Միջոցառումը կազմակերպած էր Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման Լոս Անճելըսի Միացեալ մարմինը:
Ոգեկոչման պաշտօնական բաժինը սկսաւ ՀՄԸՄի սկաուտներու դրօշակի արարողութեամբ, որմէ ետք, միացեալ մարմինի համանախագահ Դաւիթ Սամուէլեան կատարեց ամերիկեան եւ հայկական քայլերգները՝ ընկերակցութեամբ Արամ Լէփէճեանի: Ապա, օրուան հանդիսավար Սարօ Քէրքօնեան, Միացեալ մարմինի անունով ողջունելէ ետք ներկաները, բեմ հրաւիրեց Ժագլին Թոմասեանն ու Միացեալ մարմինի համանախագահ Ժան Գոսագեանը, որպէսզի անգլերէն եւ հայերէն բարի գալուստի խօսքերը փոխանցեն:
Բեմ հրաւիրուեցաւ Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Սերգէյ Սարգիսով: Անդրադառնալով հայութեան մասին, ան ըսաւ. «Հայերը իւրայատուկ յարգանք ունին իրենց նահատակներուն հանդէպ, հակառակ անոր որ սերունդներ արդէն իսկ հասած են բարձր դիրքերու, սակայն մինչ օրս դժուար է մոռնալ 1915ի դէպքերը»: Յայտնելով իր կարծիքը, ան շարունակեց ըսելով, որ պէտք է յաղթահարել ողբը եւ առաջ անցնիլ, աշխատելով հզօրացնել Հայաստանն ու Արցախը:
Օրուան հանդիսավարը հպարտութեամբ յայտնեց, որ ոգեկոչման ներկայ է նաեւ Լոս Անճելըսի մօտ Կիպրոսի գլխաւոր հիւպատոս Անտրէաս Քիբրիանիտես: 1975 թուականին Կիպրոս եղած էր առաջին երկիրը, որ ընդունած էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը, եւ այս տարուան Ապրիլ ամսուան սկիզբը Կիպրոսի խորհրդարանը օրէնք մը վաւերացուցած էր, որ մեղաւոր կը համարէ այն անձը, զոր կ՛ուրանայ Ցեղասպանութիւնը:
Առաջին քաղաքական ելոյթը ունեցաւ քոնկրեսական Ատամ Շիֆ: Ան հպարտութիւն յայտնեց նախորդ օրը՝ Ապրիլ 24ին տեղի ունեցած արդարութեան քայլարշաւի 130.000 ցուցարարներու ներկայութեան համար, որոնք հաւաքուած էին Հայոց Ցեղասպանութեան համար արդարութիւն պահանջելու, եւ ապա յայտնեց, որ Լոս Անճելըսի պատմութեան մէջ երկրորդ քայլարշաւն էր, որ թիւով հոծ մասնակցութիւն ունեցած էր աւելցնելով, որ իրեն համար գոհունակութիւն էր տեսնել Հայոց Ցեղասպանութեան արդարութեան համար պայքարող ամերիկացի կառավարական պաշտօնեաներու թիւի աճը: Ապա յայտնելով իր ընդվզումը նախագահ Պարաք Օպամայի յայտարարութեան դէմ, ըսաւ. «Աւելի լաւ պիտի ըլլար, եթէ ոչինչ ըսէր»:
Ապա, յաջորդաբար բեմ հրաւիրուեցան պաշտօնատար հրաւիրեալները, որպէսզի իրենց խօսքը եւ պատգամը փոխանցեն ներկաներուն: Ելոյթ ունեցան նաեւ քոնկրեսականներ Լորեթա Սանչէզ, Ճուտի Չու, Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչ՝ Հիլտա Սօլիս (ԱՄՆի աշխատանքի նախարարութեան նախկին առաջին քարտուղար), Լոս Անճելըսի քաղաքապետարանի խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեան, ինչպէս նաեւ նահանգային խորհրդարանի անդամ Մայք Կաթօ: Բոլորին պատգամը նոյնն էր՝ «Յիշել եւ պահանջել մինչեւ Հայ Դատի արդար եւ ամբողջական լուծումը»: Ապա՝ հոգեպարար երգերով ելոյթ ունեցան Լոս Անճելըսի Իրանահայ միութեան եւ Քալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց միութեան միացեալ երգչախումբը, Միքայէլ Աւետիսեանի ղեկավարութեամբ: Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Ատրին Նազարեան եւս ներկայ պիտի ըլլար, սակայն կարգ մը պատճառներով՝ չկրցաւ:
Հայոց Ցեղասպանութեան Լոս Անճելըսի Միացեալ մարմինը այս տարի որոշած էր իր երախտագիտութիւնը յայտնել Մոնթեպելլոյի Նահատակաց յուշարձանի կառուցման գաղափարի յղացման հիմնադիր անձնաւորութիւններուն: Առ այդ՝ բեմ հրաւիրուեցան Հարմիկ Յակոբեան, Օշին Քէշիշեան, Ճորճ Մանտոսեան, Յակոբ Մանճիկեան, Մայքըլ Մինասեան եւ Յակոբ Նազարեան: Ռիչըրտ Յովհաննէսեանին ներկայացուց իր որդին՝ Արմէն Յովհաննէսեան, Յակոբ եւ Մէրիլի Արշակունիներուն ներկայացուց իրենց որդին՝ Ռոպերթ, իսկ հանգուցեալ Միսաք Սեւաչարեանին ներկայացուցին զաւակները՝ Արա եւ Վահրամ Սեւաչարեանները: Բացակայ էին Հրանդ Աղպապեան եւ Վարդան Ֆունտուքեան: Երախտագիտական խօսքերէն ետք, բոլորը մոմերով ուղղուեցան յուշարձանին մօտ, ուր տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն:
Միացեալ մարմինի հրաւէրին ընդառաջելով, օրուան հիւրն էր վերապատուելի Քրիսթին Չաքոյեան: Ան իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ ցեղասպանութեան դէմ արդարութեան պահանջի պայքարը այլեւս միայն հայերուն հարցը պէտք չէ ըլլայ, ինչպէս որ թուրքերը նախատեսած են, այլ՝ համայն մարդկութեան հարցը:
Խօսք առաւ դոկտ. Ճէրման Մըքալփին: Ան Լոս Անճելըս կը գտնուէր Կլենտէյլի քաղաքապետարանի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի յանձնախումբին հրաւէրով, որպէսզի իր պատգամը փոխանցէ յաջորդ օրը տեղի ունենալիք Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ձեռնարկին։
Օրուան անակնկալն էր Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած, 101 տարեկան Եւնիկէ Սալիպեանի ներկայութիւնը: Ան պատմելէ ետք իր որբացած տարիներու մասին, ոգեւորեց ներկաները ըսելով, որ թուրքը չյաջողեցաւ իր նպատակներուն մէջ եւ փաստը՝ իր գոյութիւնն էր Ցեղասպանութենէն 100 տարի ետք:
Յաջորդաբար խօսք առին Կլենտէյլի քաղաքապետ Զարեհ Սինանեան, Մոնթեպելլոյի քաղաքապետ Ժագ Հաճինեան եւ Կլենտէյլ քաղաքի քարտուղար Արտաշէս Քասախեան: Իսկ Միացեալ մարմինի անունով խօսք առին ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի կողմէ՝ Լեւոն Կիրակոսեան եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ տոքթ. Րաֆֆի Պալեան:
Ոգեկոչումը վերջ գտաւ չորս յարանուանութեանց կրօնապետերու միացեալ աղօթքով եւ Միացեալ մարմինի անդամ կազմակերպութիւններու ծաղկեպսակներու զետեղումով:
Թղթակցութիւնը՝
ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ
ՄԱՐՄԻՆԻՆ ԿՈՂՄԷ