ԵՐԵՒԱՆ, «Ժողովուրդ».– Այս տարուան առաջին երեք ամիսներուն, անհատներու կողմէ Հայաստան փոխանցուող գումարներու ներհոսքը՝ նախորդ տարուան հետ բաղդատելով, նուազած է 51 առ հարիւրով։ Այս տեղեկութիւնը փոխանցած է Հայաստանի կեդրոնական դրամատունը։
Անցած տարուան առաջին եռամսեակին Հայաստան եկած փոխանցումներու զուտ ներհոսքը՝ Հայաստան փոխանցուած եւ Հայաստանէն արտերկիր փոխանցուած գումարներու դրական տարբերութիւնը, կազմած է 217 միլիոն 340 հազար տոլար: Այս տարի այդ ցուցանիշը կազմած է 106 միլիոն 803 հազար տոլար, անկումը կազմած է 110 միլիոն 537 հազար տոլար: Այս տարուան յատկապէս առաջին երկու ամիսներուն փոխանցումներուն անկումը մեծ եղած է՝ շուրջ 60 տոկոս, սակայն Մարտին իրավիճակը քիչ մը փոխուած է: Մարտին զուտ ներհոսքը կազմած է 51 միլիոն 240 հազար տոլար՝ նախորդ տարուան 80 միլիոն 766 հազար տոլարի դիմաց: Այսինքն՝ անկումը կազմած է 36.5 տոկոս: Եթէ առաջին եռամսեակին արձանագրուած ցուցանիշները պահպանուին, ապա տարուան կտրուածքով անկումը պիտի կազմէ 800 միլիոնէն մինչեւ 1 միլիառ տոլար։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.