«Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Բազմաթիւ Փաստաթուղթեր Փճացուած Են Թուրքիոյ Մէջ»
Վարեց՝ ՎԱՀԱԳՆ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ
Պատմաբան Արա Սարաֆեան հիմնադիր տնօրէնն է Լոնտոնի «Կոմիտաս» հիմնարկին: Հիմնարկը հետազօտութիւններ կը հովանաւորէ ու կը կատարէ, ինչպէս նաեւ գիրքեր կը հրատարակէ: Հիմնարկի հրատարակութիւններու շարքին են Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող հայկական գրութեանց անգլերէն թարգմանութիւններ: Խմբագրած է «1915-1916ին Օսմանեան Կայսրութեան Մէջ Հայոց Հանդէպ Վերաբերմունք»ը գիրքը, որ ծանօթ է «Կապոյտ Գիրք» անունով, որ առաջին անգամ հրատարակուած է 1916ին, բրիտանացի պատմաբաններ լորտ Ճէյմզ Պրայսի եւ Առնոլտ Թոյնպիի կողմէ: Խմբագրած է նաեւ նշեալ գիրքի թրքերէն հրատարակութիւնը:
ՎԱՀԱԳՆ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ.- «Թալէաթ Փաշայի Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ Զեկուցումը» գիրքը «Կոմիտաս» հիմնարկին կողմէ հրատարակուեցաւ Ապրիլ 2011ին: Ինչպէս խորագիրը կը յուշէ, անիկա գնահատում մըն է Թալէաթ փաշայի անձնական թուղթերուն մէջ գտնուած զեկուցումի մը: Այս ծրագիրը ինչպէ՞ս սկիզբ առաւ:
ԱՐԱ ՍԱՐԱՖԵԱՆ.- Թալէաթի զեկուցումին մասին առաջին անգամ լսեցի, երբ 2005ին Մուրաթ Պարտաքճի անկէ քաղուած կարգ մը տեղեկութիւններ հրապարակեց «Հիւրրիյէ»չի մէջ: Պարտաքճը յետագային զեկուցումը ամբողջութեամբ հրատարակեց գիրքի մը մէջ: Այդ մէկը պատճառ դարձաւ, որ զեկուցումը աւելի լուրջի առնեմ: Ապա, ծրագիրը ընթացք առաւ, երբ կարողացայ երթալ Պոլսոյ մէջ վարչապետարանի արխիւները եւ ձեռքի տակ եղող տուեալներուն հետեւելու: Բանալի յայտնաբերումը Փետրուար 1917ին Թալէաթի կողմէ պատուիրուած հայերու մասին յատուկ ուսումնասիրութիւն մըն էր: Այդ նիւթերը հաստատեցին Թալէաթի զեկուցումի վաւերականութիւնը: Վերջին հանգրուանը տուեալներու վերլուծումն էր: Զեկուցումը, որ վերնագիր չունէր, կը թուագրէր 1914-1917ին Օսմանեան կայսրութեան մէջ անյայտացած հայերուն թիւը: Ամբողջ վերլուծումը յստակ կերպով ներկայացուած էր առաջին էջին վրայ: Անիկա Հայոց Ցեղասպանութեան մասին զեկուցում մըն էր:
ՎԱՀԱԳՆ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ.- Կը կարծէ՞ք, որ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ օսմանեան ժամանակաշրջանի կարգ մը արխիւները դիտաւորեալ կերպով իշխանութիւններուն կամ կարգ մը ակադեմական շրջանակներու կողմէ «անյայտացուած» են:
ԱՐԱ ՍԱՐԱՖԵԱՆ.- Թուրքիոյ մէջ օսմանեան արխիւները կը ներկայացնեն անոնք, որոնք թուրք պաշտօնատարները որոշած են առայժմ ապադասել: Գոյութիւն ունին միլիոնաւոր արխիւներ, որոնք չեն ապադասուած: Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բազմաթիւ փաստաթուղթեր փճացուած են Թուրքիոյ մէջ: Եւ կասկած չկայ, թէ ապադասուած նիւթերը զգոյշ կերպով ընտրուած են: Գոյութիւն ունին արխիւներու ամբողջ դասակարգեր, որոնք հետազօտողներուն հասանելի չեն, ինչպէս հայկական նահանգներէն տեղահանութեան մանրամասն արձանագրութիւնները: Հայկական Հարցը քաղաքական սուր հարց մըն է, եւ այս բոլորը պէտք չէ զարմանալի թուի: Բայց եւ այնպէս, հասանելի օսմանեան նիւթերը, մասնաւորաբար երբ կ՛օգտագործուին այլ աղբիւրներու կողքին (ինչպէս Միացեալ Նահանգներու արձանագրութիւններն ու հայ վերապրողներու վկայութիւնները), կու գան հաստատելու Հայոց Ցեղասպանութեան թէզը:
ՎԱՀԱԳՆ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ.- Իւրաքանչիւր քաղաքացիական հասարակութիւն պէտք է առերեսուի իր անցեալի սեւ էջերուն հետ: Կը կարծէ՞ք, որ Թուրքիոյ քաղաքացիական հասարակութեան գլխաւոր կազմակերպութիւնները սկսած են Թուրքիոյ մէջ քաղաքական բարեփոխում յառաջացնելու:
ԱՐԱ ՍԱՐԱՖԵԱՆ.- Այո, բոլոր ժողովուրդները սեւ էջեր ունին: Սակայն, Թուրքիոյ մէջ Հայկական Հարցը պարզապէս անցեալին մէջ սեւ էջ մը չէ: Անիկա պետութեան իշխող գաղափարախօսութիւնն է, մասնաւորաբար ընդդիմադիր կուսակցութիւններու եւ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կարգ մը թեւերուն համար: Արդի Թուրքիան կառուցուած է հայերու եւ քիւրտերու եւ ալեւիներու նման այլ ընկերային խմբաւորումներու նկատմամբ վատ վերաբերմունքին վրայ: Վատ վերաբերմունք ցուցաբերողներէն շատերը, ներառեալ չարչարողներ եւ սպանողներ, տակաւին այդտեղ իրենց կեանքը կ՛ապրին: Թուրքիան իր մէջ գտնուող լաւը վատէն անջատելու համար ընկերային յեղափոխութեան մը կը կարօտի:
Այսպիսի ենթահողի մը դէմ է, որ բազմաթիւ քաջարի անհատներ անցեալին բողոքած են: Այժմ յանուն բարիին պայքար մղող ժողովրդավարական կազմակերպութիւններ կան: Քանի մը ամիս առաջ, Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը պատգամ մը յղեց Թուրքիոյ մէջ յառաջիկայ ընտրութիւններուն՝ ներկայացնելով հայ եւ բազմաթիւ կին թեկնածուներ: Անոնք արդէն իսկ իրենց վարմունքով ազդած են թրքական քաղաքականութեան վրայ, եւ եթէ ընտրութիւններուն ընթացքին լաւ արդիւնքներ բերեն, անոնք Թուրքիան կրնան ուղղել դրական ուղղութեամբ:
ՎԱՀԱԳՆ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ.- Վերջին տարիներուն, դուք կը գործակցիք Տիարպեքիրի եւ Պիթլիսի քաղաքային խորհուրդներուն հետ: Այդ մասին յաւելեալ ի՞նչ տեղեկութիւն կրնաք փոխանցել:
ԱՐԱ ՍԱՐԱՖԵԱՆ.- Վերջին տարիներուն Թուրքիոյ մէջ մեր տեսած դրական փոփոխութիւններու ծիրին մէջ սերտօրէն աշխատած եմ թրքական քաղաքացիական ընկերութեան կազմակերպութիւններու հետ, ինչպէս Մարդկային իրաւանց ընկերակցութիւնը, Տիարպեքիրի եւ Պիթլիսի Իրաւաբաններու ընկերակցութիւնը, նշեալ քաղաքներուն քաղաքապետարաններուն հետ: Թուրքիոյ մէջ արձանագրուող այդ փոփոխութիւններուն պատճառով՝ ուղղութիւն տուող հայկական ձայներու կարիքը կայ: «Կոմիտաս» հիմնարկը այսպիսով ոչ միայն Ցեղասպանութեան հարցով կը զբաղի, այլ նաեւ Հայկական Հարցը խաղաղ ձեւով վերահաստատելու կարելիութիւններով: Եւ այդ մէկը կ՛ընենք իբրեւ սփիւռքահայ կազմակերպութիւն մը:
ՎԱՀԱԳՆ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ.- Երբ հարցերուն հետ զգայուն եւ խաղաղ ձեւով վարուելու մասին կը խօսիք, ի՞նչ ըսել կ՛ուզէք:
ԱՐԱ ՍԱՐԱՖԵԱՆ.- Օրինակ՝ քիւրտերը զոհեր կը նկատեմ: Թուրքիոյ մէջ քիւրտերու մեծամասնութիւնը առաջին հերթին տարտղնուած գաղթականներ են: Անոնց պատկանող հազարաւոր գիւղեր 1980ական եւ 1990ական թուականներուն քանդուեցան թրքական բանակին կողմէ: Քիւրտերը տակաւին խտրականութենէ, աղքատութենէ եւ հիմնական ծառայութիւններու բացակայութենէ կը տառապին: Անոնք բռնարարքներու ենթարկուած են, սակայն հաստատակամ են: Անոնց քաղաքական պայքարը խթանած է Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարականացումը: Հակառակ այդ դժուարութեանց՝ քիւրտերը այսօր հայերը իրենց հարազատները կը նկատեն: Անշուշտ, անոնք յանցաւորի զգացում մըն ալ ունին, որովհետեւ իրենց նախնիներէն շատեր մեղսակից են Հայոց Ցեղասպանութեան: Ասիկա բան մըն է, որ քիւրտերուն մեծամասնութիւնը, մասնաւորաբար ղեկավարները, բացայայտ կերպով կ՛ըսեն: Ուստի, պէտք է կարողութիւնը ունենանք այս բոլոր հարցերը բացայայտ կերպով արծարծելու եւ զանոնք լուծելու լաւագոյն ձեւը սերտելու քիւրտերուն հետ: Եթէ թրքական պետութիւնը նոյնպիսի կեցուածք մը որդեգրէ, Հայկական Հարցը կրնայ լուծուիլ:
«Աշխատանքիս ընթացքին զիս զբաղեցնող հարցերէն մէկն է հայերու այն ժառանգորդները, որոնք Թուրքիոյ մէջ իսլամական համայնքներու մէջ լուծուած են: Անոնցմէ ոմանք, թերեւս մեծամասնութիւնը, կ՛ուզեն, որ զիրենք հանգիստ ձգենք: Ուրիշներ կրաւորական կերպով հետաքրքրուած են իրենց հայկական արմատներով: Եւ ոմանք կորուստը կը զգան եւ կ՛ուզեն վերատիրանալ իրենց կորսուած ինքնութեան: Իբրեւ կանոն, այդ մարդոցմէ ոչ մէկը իր տեսակէտը արտայայտելու միջոց ունի, եւ յաճախ անոնք ահաւոր կերպով մերժումի կը հանդիպին: Օրինակ, երբ այսպիսի հայեր անցեալ ամառ Հայաստան գացին, հայկական օրաթերթերու մէջ հրատարակուեցան յօդուածներ, թէ «թաքնուած հայեր» կ՛այցելեն իրենց «հայրենիքը»: Իրողութեան մէջ անոնք թաքնուած հայեր չէին, անոնք Տիարպեքիրի մէջ Ս. Կիրակոս եկեղեցիէն եկան: Աւելին, անոնք կ՛ապրին Տիգրանակերտի մէջ իրենց պապենական հողերուն վրայ: