ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլի քաղաքապետութիւնը Ապրիլ 28էն ի վեր ի զօրու դարձուցած է քաղաքի ջուրի ու ուժանիւթի բաժանմունքին առաջադրած ջուրի խնայողութեան նոր օրէնքները (երրորդ հանգրուան), ըստ որուն արտաքին տարածքները այսուհետեւ շաբաթը միայն երկու անգամ կարելի պիտի ըլլայ ջրել, առաւելագոյնը 10 վայրկեան։
Այս քայլերը կ՛առնուին նկատի ունենալով, որ նահագնը չորրորդ տարին ըլլալով կը դիմագրաւէ երաշտ, որուն հետեւանքով նահանապետը տեղական մարմիններուն հրահանգած է, որ ջուրի գործածութեան կրճատումներ ապահովեն։
Քաղաքի ջուրի խնայողութեան երկրորդ հանգրուանին, որ ի զօրու դարձած էր Յուլիս 29, 2014ին, կարելի եղած է 12 տոկոսի նուազում ապահով ջուրի ընդհանուր գործածութեան մէջ։ Քաղաքին նպատակն է այդ համեմատութիւնը առնուազն 20 տոկոսի հասցնել։
Քաղաքապետութիւնը քաղաքացիներէն կը խնդրէ, որ ջուրի վատնումի մասին տեղեկութիւններ փոխանցեն իշխանութեանց, դիմելով (818) 550-4426 թիւին կամ այցելելով www.GlendaleWaterAndPower.com կայքը, ուր կան նաեւ ջուրի խնայողութեան մասին տեղեկութիւններ։
Ջուրի խնայողութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար այցելել՝ saveourh2o.org կամ Bewaterwise.com կայքերը։