ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».– Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան «Թերթ»ին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին՝ խօսելով Լեռնային Ղարաբաղի հարցին առնչութեամբ ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի յայտարարութեան մասին, դիտել տուած է, որ բանակցութիւններէն կարելի չէ մեծ ակնկալութիւններ ունենալ։
Ըստ Մինսկի խումբի համանախագահներուն՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները համաձայնած են կրկին հանդիպիլ՝ համանախագահներուն մասնակցութեամբ, որպէսզի ձեւակերպեն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպման օրակարգը: Կիրօ Մանոյեան նշած է, որ բանակցութիւններուն հայկական կողմը բարձրաձայնելու նոր հարց չունի, բացի անկէ, որ պէտք է կրկնուի, թէ Ղարաբաղը պէտք է մասնակցի բանակցութիւններուն:
Կիրօ Մանոյեան դիտել տուած է, որ յառաջընթաց ակնկալելու հիմք չկայ՝ հաշուի առնելով տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող զարգացումները:
«Եթէ Իրանի նկատմամբ Արեւմուտքի վերաբերմունքը մեղմանայ եւ ինչ-որ յարաբերութիւննէր սկսուեն, կարծում եմ, որ աւելի շատ ճնշում կը լինի բոլորի վրայ՝ ներառեալ Ադրբեջանի, որպէսզի անպայման խաղաղութիւնը պահպանուի եւ քայլեր չձեռնարկուեն, որոնք կարող են անկանխատեսելի հետեւանքներ ունենալ: Բայց պարզապէս բանակցութիւնների գործընթացից, կարծում եմ, որեւէ դրական արդիւնք անմիջական ապագայում պէտք չէ ակնկալել», յայտնած է Մանոյեան եւ նկատել տուաւ, որ առայժմ ամէն ինչ կը կատարուի խաղաղութիւնը պահպանելու:
Կիրօ Մանոյեան նկատել տուած է, որ Մատրիտեան հիմնարար սկզբունքներուն եւ անկէ բխող քայլերու վերաբերեալ Ատրպէյճան տակաւին իր դրական տեսակէտը չէ արտայայտած, ինչ որ կրնայ հիմք ծառայել բանակցութիւններուն ընթացքին։
«Ադրբեջանն անընդհատ փորձում է ստեղծել մի վիճակ, որ ոչ թէ հարցը փաթեթային ձեւով կարգաւորուի, այլ փուլային», ըսած է ան եւ նշած, որ հայկական կողմը չի կրնար նման մօտեցման համաձայն գտնուիլ:
Մասնաւորապէս Դաշնակցութեան դիրքորոշման վերաբերեալ ան ըսած է, որ իրենք այդ սկզբունքներուն դէմ չեն այնքան, որքան դէմ են սկզբունքներու հիման վրայ նախատեսուող քայլերուն:
Ինչ կը վերաբերի սահմանային իրավիճակին, յատկապէս 22-24 Ապրիլին, Մանոյեան դիտել տուած է, որ այդ ուղղութեամբ հայկական կողմին պատրաստուածութիւնը նաեւ զսպեց, որ այդ օրերը քիչ թէ շատ հանդարտ անցնին:
«Այս իմաստով կարեւոր էր, որ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը նաեւ այնտեղ իր ներկայութեամբ ցոյց տուեց, որ սա անուշադրութեան մատնուած խնդիր չէ, եւ բարեբախտաբար ունեցանք այն, ինչ ունեցանք», ըսած է ան:
Ըստ Կիրօ Մանոյեանի՝ յառաջիկայ ամիսներուն Ատրպէյճան քիչ մը աւելի զգոյշ պիտի ըլլայ, յատկապէս նկատի ունենալով Ատրպէյճանի մէջ տեղի ունենալիք եւրոպական խաղերը:
«Եթէ ամէն օր լրատուամիջոցներում պէտք է յայտնուի լուր, թէ Ադրբեջանի ու Հայաստանի, կամ Լեռնային Ղարաբաղի հետ սահմանի վրայ ինչ-որ բախումներ են եղել, խաղերի մասնակցող եւրոպացիները այնքան էլ կարող է չպատկերացնեն՝ դա Բաքւո՞ւմ է, թէ այլ տեղ է: Ադրբեջանի մասնակցութեամբ ռազմական գործողութիւնների լինելն արդէն կ՛ազդի այդ ծրագրի վրայ եւս, եւ կարծում եմ, որ Ադրբեջանը մինչ այդ խաղերն աւելի զուսպ կը լինի, բայց պարզապէս տեղաշարժ առաջիկայ ամիսներին պէտք չէ ակնկալել, քանի որ դրա հիմքը չկայ», նշած է Մանոյեան։