ԹՈՒՐՔԻԱ ՏՈՒՆ ԿԱՆՉԵՑ ԴԵՍՊԱՆԸ
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Լիւքսեմպուրկի խորհրդարանը, Մայիս 6ին միաձայնութեամբ բանաձեւ մը վաւերացնելով՝ պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։
Լիւքսեմպուրկի խորհրդարանի պատգամաւոր Լորան Մոզար կը հաղորդէ, որ այս քայլով Լիւքսեմպուրկի խորհրդարանը յարգանքի տուրք մատուցանելով Ցեղասպանութեան զոհերուն՝ յստակացուց, որ դար մը առաջ, Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու դէմ իրագործուած ոճիրը ցեղասպանութիւն է։
Լիւքսեմպուրկի խորհրդարանը նաեւ կոչ կ՛ուղղէ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն առերեսուելու սեփական պատմութեան հետ, միաժամանակ՝ դրուատելով Թուրքիոյ ղեկավարներուն կողմէ հնչած «ցաւակցական» յայտարարութիւնները։
Լիւքսեմպուրկի Քրիստոնեայ ընկերվարական ժողովրդական կուսակցութիւնը ներկայացուցած էր սոյն բանաձեւը եւ առաջարկած էր 1915ի հայոց կոտորածները նկատել ցեղասպանութիւն՝ հետեւելով Ֆրանսայի խորհրդարանի եւ Եւրոխորհրդարանի օրինակներուն:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը այս մասին յայտարարութիւն մը հրապարակեց՝ նշելով, որ Հայաստան կ՛ողջունէ Լիւքսեմպուրկի երեսփոխանական պալատին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի վաւերացումը, աւելցնելով, որ Լիւքսեմպուրկ մաս կազմեց երկիրներու այն խումբին, որ ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ իր կարեւոր ներդրումը բերելով մարդկութեան դէմ նոր յանցագործութիւնները կանխարգիլելու հրամայականին։
Մայիս 7ին, Թուրքիա տուն կանչեց Լիւքսեմպուրկի մօտ իր դեսպանը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.