ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».– 8 Մայիսին ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, ՀՅԴ Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեան եւ ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներակայացուցիչ Աղուան Վարդանեան «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին մէջ հանդիպում ունեցան Եւրոպական ընկերվարականներու կուսակցութեան (PES) գլխաւոր քարտուղարի տեղակալ Ճաքոմ Ֆիլիփեքի հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Դաշնակցութեան եւ ԵԸԿի միջեւ համագործակցութեան վերաբերող գործնական հարցեր: Երկուստեք կարեւոր նկատուեցան երկու կուսակցութիւններուն եւ խորհրդարանական խմ-բակցութիւններուն յարաբերութիւններու սերտացումը: Հանդիպման կը մասնակցեցան նաեւ Շուէտի Ընկերվար Ժողովրդավարական կուսակցութեան «Olof Palme International Center»ի ներկայացուցիչ Իզապէլ Լունտին, որուն հետ քննարկուեցան «Հրայր Մարուխեան» հիմնադրամին հետ գործակցութեան կարելիութիւնները։
Տեղեկացնենք նաեւ, որ հիւրերը այցելած են Հայաստան՝ ներկայ գտնուելու Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութեան համաշխարհային խորհուրդի ժողովին: Անոնք այցելած են նաեւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եւ թանգարան-հիմնարկ: Հիւրերուն կ՛ընկերակցէր ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Սարգիս Մկրտչեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.