ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Մայիս 2-3ի շաբաթավերջին, ՀՄԸՄի կեանքէն ներս մարզական յաջողութիւններու նոր էջ մը բացուեցաւ: Այդ օրերուն, ՀՄԸՄի Ֆրեզնոյի «Սասուն» մասնաճիւղին կազմակերպած պասքեթպոլի 20րդ միջ-մասնաճիւղային մարզախաղերն էին կազմակերպուած «Գլովիս Իսթ Հայ Սքուլ»ի մարզադաշտերուն վրայ: Սովորական այս շաբաթավերջը տօնական օրերու վերածուած էր 14 տարեկանէն վար պատանիներուն համար, որոնք իրենց ծնողներուն ընկերակցութեամբ եւ մեծ ոգեւորութեամբ փութացած էին Ֆրեզնօ, նորանոր յաղթանակներ արձանագրելու համար մարզական իրենց աշխարհէն ներս:
Փոքր դասակարգերու համար կազմակերպուած այս մարզախաղերը տարեկան մեծագոյն ձեռնարկներ են ՀՄԸՄի «Սասուն» մասնաճիւղին համար: Հիւրընկալ մասնաճիւղի հրաւէրին ընդառաջած էին շրջանի ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի, Սան Ֆրանսիսքոյի, Փասատինայի «Ազատամարտ», Կլենտէյլի «Արարատ», Սան Ֆերնանտօ Հովիտի «Մասիս» եւ Լա Քրեսենթայի «Շանթ» մասնաճիւղերէն 45 երկսեռ խումբեր, 14 եւ 12 տարեկան ու վար դասակարգերէն: Տիրապետող ներկայութիւն էին ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղի կապոյտ տարազաւորները, որոնք 21 խումբերով կը մասնակցէին այս նախաձեռնութեան:
Եզակի այս մրցաշարքը, մրցող խումբերուն ուժերը չափելէ անկախ, նաեւ գեղեցիկ առիթ մը հանդիսացաւ մասնակից մարզիկ-մարզկուհիներուն եւ անոնց ծնողներուն՝ մօտէն ծանօթանալու եւ ընկերային գեղեցիկ միջավայր մը ստեղծելու:
Եռուզեռի մէջ էր «Գլովիս Իսթ Հայ Սքուլ»ի շրջափակը, որուն գլխաւոր երկու հսկայական փակ մարզադաշտերը մեղուափեթակներու վերածուած էին, կարելիութիւն ստեղծելով վեց խումբերու՝ միաժամանակ կատարելու իրենց մրցումները:
Շրջանային Մարզական խորհուրդը, անկախ անկէ, որ իր կարեւոր ներդրումը ունեցած էր այս մարզախաղերու կազմակերպման մէջ, հոն ներկայ էր իր անձնուէր ներկայացուցիչ Հրաչ Արզումանեանի անձով: Մարզադաշտ այցելեցին եւ մրցումներուն մօտէն հետեւեցան Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մանուէլ Մարսէլեան, Մարօ Քէշիշեան ու Փիեռ Մանուկեան: Մարզադաշտ այցելեց նաեւ ծանօթ ՀՄԸՄական եւ Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեան:
Նոյն օրը, կէսօրէն ետք ժամը 2ին, մրցումները կանգ առին: Ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին յիշատակը Հայոց Ցեղասպանութեան մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն, որոնց 100ամեակն է այս տարի: Մարզադաշտերու պատերուն վրայ զետեղուած ՀՄԸՄի խորհրդանիշը՝ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին, եւ «Կը յիշեմ ու կը պահանջեմ» կարգախօսը շատ բան կ՛ըսէին ներկաներուն: Ապա Պերճ Աբգարեան՝ հայերէնով, իսկ «Սասուն» մասնաճիւղի վարչական Յակոբ Օհաննէսեան՝ անգլերէնով, ընթերցեցին այս առիթով պատրաստուած Շրջանային վարչութեան պատգամը, որուն քար լռութեամբ հետեւեցան ներկաները: Պատգամին մէջ Շրջանային վարչութիւնը կը շեշտէր, թէ պէտք է անպատիժ չձգել ոճրագործ թուրքը եւ պահանջել հայութեան արդար իրաւունքները:
«Մենք երբե՛ք պէտք չէ մոռնանք մեր պատմութեան տաժանագին այս սեւ էջը, որ իրականացաւ 24 Ապրիլ 1915ին, մարդասպան թուրքին կողմէ, ոչնչացնելու համար մեր ստեղծագործ ժողովուրդը: Ան ջարդեց հայ ժողովուրդը, որպէսզի ոչնչացնէ մեզ, սակայն չյաջողեցաւ: Հայ ժողովուրդը ծլեցաւ ու ծաղկեցաւ, կերտեց սերունդներ, որոնց լաւագոյն օրինակները դո՛ւք էք: Հզօրացէ՛ք ֆիզիքապէս ու հոգեպէս: Լա՛ւ սորվեցէք մեր լեզուն եւ մշակոյթը, այցելեցէ՛ք Հայաստան, ազգասիրութեամբ լեցուեցէք, որպէսզի յաւերժ ապրի մեր ազգը», ըսուած էր պատգամին մէջ:
***
Առաջին օրուան զտման հետաքրքրական մրցումներէ ետք, Կիրակի, 3 Մայիսին տեղի ունեցան կիսաւարտական եւ ապա աւարտական մրցումները՝ ելեկ-տրականացած մթնոլորտ մը ստեղծելով մարզադաշտերուն վրայ, ուր միայն հուռա՜-ներ ու երկարաշունչ ծափողջոյններ կը լսուէին: Ախոյեանութեան բաժակները յանձնուեցան իւրաքանչիւր աւարտական մրցումէ ետք՝ մեծ ոգեւորութիւն ստեղծելով մարզադաշտերուն վրայ: Յաղթող ու պարտուող խումբերը գրկախառնուեցան հարազատ քոյր-եղբայրներու նման, Նաւասարդեան մարզախաղերուն դարձեալ տես-նուելու հաստատակամութեամբ:
Մարզախաղերը վերջ գտան Կիրակի յետմիջօրէին: Մասնակիցները գոհունակութեամբ մեկնեցան տուն, յաջորդ մրցումներուն դարձեալ հանդիպելու վճռակամութեամբ:
Ստորեւ՝ մարզախաղերու ախոյեան հանդիսացած մասնաճիւղերը: Մարզախաղերու ամբողջական արդիւնքները տեսնել ՀՄԸՄի կայքէջին վրայ՝ www.homenetmen.net:
Դասակարգ 1 (14 տարեկան եւ վար), Մանչեր
ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ»(1) մասնաճիւղ
Դ2 (14 տարեկան եւ վար), Մանչեր
ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ»(4) մասնաճիւղ
Դ1 (12 տարեկան եւ վար), Մանչեր
ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ»(1) մասնաճիւղ
Դ2 (12 տարեկան եւ վար), Մանչեր
ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ»(4) մասնաճիւղ
Դ1 (14 տարեկան եւ վար), Աղջիկներ
ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ»(1) մասնաճիւղ
Դ2 (14 տարեկան եւ վար), Աղջիկներ
ՀՄԸՄի Լա Քրեսենթայի «Շանթ» մասնաճիւղ
Դ1 (12 տարեկան եւ վար), Աղջիկներ
ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ»(1) մասնաճիւղ
Դ2 (12 տարեկան եւ վար), Աղջիկներ
ՀՄԸՄի Ֆրեզնոյի «Սասուն» մասնաճիւղ