ԵՐԵՒԱՆ. «Նիուզ».- Հայաստանի մօտ Մեծն Բրիտանիոյ նոր դեսպան նշանակուած Ճուտիթ Ֆարնուորթ (Judith Farnworth) իր պարտականութիւնները պիտի ստանձնէ 2015 Սեպտեմբերին, երբ փոխարինէ այժմու դեսպան Քեթրին Լիչը:
Իր նշանակման առթիւ, Ֆարնուորթ նշած է. «Ես ուրախ եմ Հայաստանում Բրիտանիայի դեսպան նշանակուելու կապակցութեամբ: Դա մեծ առաւելութիւն է՝ ծառայել նման հարուստ պատմութիւն ու մշակոյթ ունեցող երկրում: Հիմնուելով ներկայիս դեսպանի եւ դեսպանատան թիմի նուաճումների վրայ՝ ես անհամբերութեամբ սպասում եմ Հայաստանի կառավարութեան հետ իմ յետագայ աշխատանքին՝ Հայաստանի եւ Մեծ Բրիտանիայի միջեւ յարաբերութիւնների յետագայ ամրապնդման համար»:
Ֆարնուորթ Մեծն Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ իր աշխատանքը սկսած է 1991ին եւ այժմ Ղրղզիստանի մօտ Բրիտանիոյ դեսպանն է: Ան որպէս վերլուծաբան աշխատած է Ուքրանիոյ, Չեխիոյ, Լաթվիոյ եւ Ղրղզիստանի մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.