ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- «Լարք» երաժշտական ընկերակցութեան կազմակերպութեամբ, Մայիս 23էն 31ի միջեւ, Փասատինայի «Էմպեսետըր» սրահին մէջ չորս առիթներով պիտի ներկայացուի «Անուշ» օփերան։
Ներկայացումերը տեղի պիտի ունենան Շաբաթ եւ Կիրակի օրերը, Մայիս 23-24ին եւ Մայիս 30-31ին, երեկոյեան ժամը 7ին, խմբավարութեամբ Վաչէ Պարսումեանի եւ բեմադրութեամբ՝ Յովհաննէս Յովհաննէսեանի։
Տոմսերու համար դիմել (818) 500-9997 թիւին կամ այցելել www.itsmyseat.com/lark կայքէջ եւ «Ապրիլ» գրատուն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.