Վերջին 6 ամիսներու ընթացքին Ամերիկահայ հիւանդապահներու միութիւնը (AANA) զանազան միջոցառումներով շարունակած է հայ համայնքին սպասարկելու իր առաքելութեան հաւատարիմ գործունէութիւն իրականացնել։
Միութեան վերջին նախաձեռնութիւնը իրականացաւ Ապրիլ 24ին, համագործակցութեամբ Ամերիկահայ բժշկական միութեան (AAMS) եւ ՀՕՄին, երբ միութեան անդամները ներկայ էին Արդարութեան Քայլարշաւի երկայնքին, ի հարկին անմիջական խնամք տրամադրելու համար արշաւի մասնակիցներուն։
Ստորեւ հակիրճ տեղեկագրութիւն մը միութեան գործունէութեան մասին.
– Դեկտեմբեր 2014ին տեղի ունեցաւ միութեան հիմնադրութեան 25ամեակի տoնակատարութիւնը, Կլենտէյլի «Ֆինիշիա» ճաշարանին մէջ, մասնակցութեամբ աւելի քան 150 հիւանդապահներու եւ համակիրներու: Անոր ընթացքին մեծարուեցաւ միութեան հիմնադիր Սալբի Ագարակեան, իսկ դոկտ. Իզապէլ Գաբրիէլեան Չըրչըլ ներկայացուց իր հրատարակած գիրքը, որ լուսարձակի տակ կ՛առնէ հայ բուժքոյրերու գործունէութիւնը՝ 1900էն 1930 տարիներուն:
– Մարտ 2015ին, Հայկական բժշկական միջազգային հիմնարկի տարեկան ճաշկերոյթին ընթացքին, Ամերիկահայ հիւանդապահներու միութեան անդամները մեծարուեցան նշեալ կազմակերպութեան կողմէ Հայաստանի մէջ իրականացուող լսողական սպասարկութեան ծրագիրին մատուցած սպասարկութեանց համար։ Յատուկ մեծարումի արժանացան միութեան ներկայ նախագահ դոկտ. Զարմինէ Նաքքաշեան, նորընտիր նախագահ Էլիզապէթ Զօրեան եւ նախկին նախագահներ Ռոզ Պարութճեան, Մերի Քոնիալեան, Գոհար Քէսեան եւ Ռոզին Տէր Դաւիթեան։
Նաեւ, Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Բժշկական միջազգային համաժողովը։ Ամերիկահայ հիւանդապահներու միութիւնը մօտէն կը գործակցի Հայաստանի Հայ հիւանդապահներու միութեան հետ, Յուլիս 1ին կայանալիք հիւանդապահներու աշխատաժողովը կազմակերպելու համար։ Միութեան անդամ 10 հիւանդապահներ այս առիթով Երեւան պիտի մեկնին, աշխատաժողովին տարբեր նիւթեր ներկայացնելու նպատակով։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել (818) 839-0139 թիւին կամ armeniannurses@gmail.com հասցէին։
(Թղթակցութիւնը՝ միութենէն)