Հայոց Ցեղասպանութեան դարադարձը՝ նախատեսուածներուն կողքին, նորայայտ հետեւանքներ եւս կը ստեղծէ Թուրքիոյ մէջ: Արդարեւ, Թուրքիոյ Չերքեզներու «Կուշիփս» պարբերականը Թուրքիոյ եւ աշխարհասփիւռ չերքեզ սփիւռքին ուղղեալ հետեւեալ երեք հարցումները պատրաստած է.
Ա. Որպէս Ցեղասպանութիւն ապրած ժողովուրդի մը անունով գործող հասարակական կազմակերպութիւն, ի՞նչ է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ձեր մտածումները:
Բ. Հայոց՝ 1915ին իրենց հայրենիքէն պոկուելուն մէջ չերքեզները ի՞նչ դերակատարութիւն ունեցան.
Գ. Հայ ժողովուրդին Ցեղասպանութեան ճանաչման համար տարած պայքարը չերքեզ հասարակութեան համար ալ օրինակ մը կրնա՞յ ըլլալ:
«Կուշիփս» պարբերականի խմբագիր Քուպան Քուրալի համաձայն՝ եկող պատասխանները կ՛ապացուցեն, թէ չերքեզ երիտասարդութիւնը շատ աւելի պայծառամիտ է բաղդատմամբ նախորդ սերունդներուն: Հարցաթերթիկի եկած պատասխանները շատերուն համար զարմանալի կը թուին, քանի որ անոնք ընդհանրապէս աւանդական մտայնութենէն բաւական շեղած են: Իսկ միւս կողմէ, կան նաեւ նախկին մտայնութիւններով խնդիրը վերապահութեամբ դիտողներ: