Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու բաժինէն տեղեկացուցած են, որ Արցախի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեան 18 Մայիսին այցելած է Բերձոր՝ քաղաքի ազատագրութեան 23րդ տարեդարձին նուիրուած նախաձեռնութիւններուն մասնակցելու նպատակով:
Իր ողջոյնի խօսքին մէջ Ա. Յարութիւնեան լուսարձակի տակ առած է Բերձորի ազատագրութեան կարեւորութիւնը շրջափակուած Արցախը Հայաստանի Հանրապետութեան հետ ճանապարհային կապ հաստատելու իմաստով: «Այդ ծանր օրերին Բերձորի ազատագրումը դարձաւ համազգային նշանակութեան իրադարձութիւն, որի շնորհիւ բացուեց Արցախի բնակչութեան կեանքի ճանապարհը: Աւելին՝ տասնամեակների բաժանումից յետոյ հայոց այս հողակտորը միաւորուեց մայր Հայաստանի հետ, ինչը պատմական կարեւորութիւն ունի», նշած է վարչապետը:
«Քաշաթաղի ողջ շրջանը գտ-նւում է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իշխանութիւնների հոգածութեան ներքոյ, եւ այստեղ իրագործուող տնտեսական եւ սոցիալական ընդարձակ ծրագրերը լաւագոյն պատասխանն է շրջանի քաղաքական ապագայի անորոշութեան վերաբերեալ զրոյցներին: Սա հայկական հնամենի հող է, եւ բոլորս պարտաւոր ենք այն պահպանել ու շէնացնել, մանաւանդ որ 23 տարի առաջ հայ զինուորի բազկի ուժով վերականգնուել է պատմական արդարութիւնը», ընդգծած է Արա Յարութիւնեան։
Վարչապետը երախտագիտութեան խօսք ուղղած է ձեռնարկին ներկայ իր մարտական ընկերներուն, որոնց հետ 1992 թուականի 18 Մայիսին մասնակցած է Բերձորի ազատագրման գործողութեան:
Վարչապետը այնուհետեւ այցելած է Բերձորի երկրագիտական թանգարան՝ ծանօթանալով ցուցադրուող նմոյշներուն եւ թանգարանի կառոյցի պայմաններուն: Օրուան աւարտին Արա Յարութիւնեան ներկայ գտնուած է իր հովանաւորութեամբ կազմակերպուած պիլիարտի մրցաշարքի եզրափակիչ խաղին, որ նուիրուած էր յիշարժան օրուան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.