Այսօր անգամ մը եւս հաւաքուած ենք մեր ընկերական խորին յարգանքը մատուցելու «Զաւարեան» Կոմիտէութեան երկարամեայ ընկեր հանգուցեալ Ընկ. Վազգէն Եագուպեանին:
Այս արարողութիւնները, սիրելի ներկաներ, ուխտի նորոգութեան առիթներ են երդուեալ կուսակցական ընկերոջ մը համար, ներկաներուս համար:
Մենք՝ դաշնակցականներս, շատ լաւ կը հասկնանք, թէ որքա՜ն դժուար է ըկերոջ մը բաժանումը մեր շարքերէն: Եթէ դաշնակցութիւնը նմանցնենք մարմինի մը եւ երբ այդ մարմինի անդամներէն մէկը կորսնցնենք, այդ ցաւը իր լման մարմինինն է:
«Զաւարեան» կոմիտէութեան բոլոր ընկերներն ու ընկերուհիները խորապէս կը ցաւին Ընկ. Վազգէն Եագուպեանի տխուր մահուան կապակցութեամբ:
Ընկեր Վազգէն Եագուպեանը երիտասարդ տարիքին անդամագրուեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ իբրեւ գաղափարականի տէր անհատ՝ զինուորականի կարգապահութեամբ ծառայեց իր կուսակցութեան: Ծառայեց գիտակցութեամբ, համոզումով եւ հաւատքով: Ծառայեց նուիրուածութեամբ եւ ամբողջութեամբ: Ան կարգապահ ու բարձր բարոյականի տէր ընկեր եղած է: Ան անտրտունջ կերպով կատարած է կուսակցական բազմաթիւ պարտականութիւններ, հաւատարիմ մնալով իր կուսակցութեան մինչեւ վերջ:
1960-1961 թուականներուն Միջին Արեւելքի մէջ եղած ձերբակալութիւններուն պատճառով կարգ մը բանտարկուած կուսակցական ընկերներուն ազատման օգտակար եղած է:
Ընկ. Վազգէն ամբողջական նուիրումով դաշնակցական էր: Մէկ խօսքով՝ չկայ կիսաժամ դաշնակցական, չկայ միայն ժողովի մասնակցող դաշնակցական: Կայ միայն ամբողջութեամբ նուիրուած՝ գործօն դաշնակցական: Ընկ. Վազգէնը այդպիսին էր:
Սիրելի ներկաներ եւ ընտանեկան պարագաներ, վերջին քանի մը տարիներուն, վատառողջութեան հետեւանքով, կուսակցական ժողովներէն յարգելի բացակայութիւնը անոր խիղճին վրայ ծանր նստած էր: Իր կուսակցական ցենզի փոխանցումը ամէնօրեայ մտահոգութիւն դարձած էր, եւ յաճախ կը պնդէր իր շրջանակին ու հարազատներուն, որ հեռաձայնէին կոմիտէին, որպէսզի կարենար ժամանակին իր նիւթական պարտաւորութիւնը կատարել:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան «Զաւարեան» Կոմիտէի եւ Կոմիտէութեան բոլոր ընկերներուն եւ ընկերուհիներուն անունով՝ մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք անոր այրիին՝ Ֆիմի Եագուպեանին, զաւակներուն՝ ընկերներ Վահէ եւ Վիգէն Եագուպեաններուն, իրենց ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն Եագուպեան ընտանիքին ու հարազատներուն:
Հողը թո՛ղ թեթեւ գայ վրադ, սիրելի՛ ընկ. Վազգէն: