Վազգէն Եագուպեան ծնած է 1927ին, Պէյրութ, Լիբանան։ Իր ուսումը ստացած է տեղւոյն վարժարաններէն եւ աւարտած է Պէյրութի Ֆրանսական լիսէն։
Ուսումը շարունակելու համար, 1949ին կը մեկնի Ֆրանսայի Լիոն քաղաքը, ուր կը յաճախէ «Թեքսթիլի» բարձր կրթական համալսարանը եւ կ՛աւարտէ երկրաչափութեան «Լիսանս» վկայականով։
Լիոնի մէջ կ՛ապրի իր ընկերոջ՝ Հրաչ Տասնապետեանի հետ, որ նոյնպէս Ֆրանսա հաստատուած էր ուսանելու համար։ Լիոնի մէջ ան կը հաստատէ մտերիմ յարաբերութիւններ այդ օրերուն այնտեղ ուսանող հայ երիտասարդներու, ինչպէս նաեւ բնիկ ֆրանսահայերու հետ։
Վազգէնի կապը Լիոն քաղաքի եւ այնտեղ ծանօթացած հայերու հետ մնաց իր սիրտին մօտ ամբողջ կեանքին ընթացքին։ Ան շարունակեց Պահպանել կապը Լիոն քաղաքին հետ, վերադառնալով հոն գրեթէ ամէն տարի, մինչեւ այն ժամանակ, երբ առողջութիւնը ալ թոյլ չտուաւ իրեն։
Ֆրանսա կը մնայ մինչեւ 1955 եւ կ՛աշխատի Թուլուզ եւ Փարիզ քաղաքներուն մէջ։
1955ին կը վերադառնայ Միջին Արեւելք, գործ գտնելով Սուրիական բանակին մէջ, իբրեւ հիւսուածեղէնի բաժինի պատասխանատու, կը հաստատուի Դամասկոս։ Այնտեղ կը մնայ մինչեւ 1963, երբ արդէն անկարելի էր գործունեայ դաշնակցականներուն մնալ Սուրիոյ մէջ։
1958ին կ՛ամուսնանայ Ֆիմի Գասարճեանին հետ։ 1960ին կը բախտաւորուին իրենց առաջին զաւակով՝ Վահէով, իսկ 1962ին կը ծնի երկրորդ զաւակը՝ Վիգէնը։
Ան իր զաւակներու ամբողջ դպրոցական շրջանին, մօտէն կը հետաքրքրուէր անոնց ուսումով, ամէն օր նստելով իրենց հետ եւ հետեւելով պարտականութիւններու լիարժէք կատարման, մանաւանդ թուաբանութեան, գիտական նիւթերու, արաբերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներու դասերուն։ Քաջ տեղեակ ըլլալով այդ առարկաներուն՝ չէր ընդուներ իր զաւակներուն կողմէ միջակ արդիւնքներ։
Երիտասարդ տարիքէն միացած էր ՀՅԴ շարքերուն եւ անդամակցած այդ կուսակցութեան մինչեւ մահ, իբրեւ հաւատարիմ, պարտաճանաչ, նուիրուած եւ խոնարհ անդամ։
Իր կուսակցական կեանքին ընթացքին առնչուած է երեւելի եւ ոչ ճանչցուած դաշնակցականներու հետ, որոնց կեանքի դրուագներէն յաճախ կը պատմէր, հիացմունքով ընդգծելով անոնց նուիրումը, կազմակերպական կարգապահութիւնն ու քաջութիւնը։
Պէյրութի մէջ ան կը շարունակէ աշխատիլ «թեքսթիլ»ի (հիւսուածեղէնի Խմբ.) ոլորտին մէջ, մինչեւ 1976, երբ ընտանիքը կը փոխադրուի Լոս Անճելըս, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառով։ Տարեկան իր այցելութիւններէն ետք, 1979ին ինքն ալ կը փոխադրուի Լոս Անճելըս եւ կը միանայ ընտանիքին։
Հոս՝ Կը շարունակէ աշխատիլ «թեքսթիլ»ի ոլորտին մէջ, մինչեւ հանգստեան կոչուիլը, 1997 թիւը։
1988ին զաւակը՝ Վահէն կ՛ամուսնանայ Նորային հետ եւ Վիգէնը՝ 1992ին, կ՛ամուսնանայ Անիթային հետ։ Վահէն եւ Նորան իրեն կը պարգեւեն 2 թոռներ՝ Արամը եւ Լարան, իսկ Վիգէնն ու Անիթան՝ 1 թոռ՝ Արան։ Վազգէն՝ յատուկ գուրգուրանք եւ սէր կը տածէր իր հարսներուն եւ թոռներուն հանդէպ, իր հայրական խանդաղատանքով ջերմացնելով ու օրհնելով զաւակներուն ընտանիքները, փոխադարձաբար արժանանալով անոնց անվերապահ սիրոյն, յարգանքին եւ երախտագիտութեան։
Ինչպէս անցեալին իր զաւակներուն, նոյնպէս իր թոռներու կրթութեան նկատմամբ եղած էր նախանձախնդիր եւ հոգատար, անոնց սրտերուն մէջ ձգելով վառ եւ ջերմ յիշատակներ։
Ապրիլ 7, 2015ի գիշերը, յետ երկարատեւ հիւանդութեան, ան իր ընտանեկան յարկին տակ, առյաւէտ փակեց իր աչքերը եւ այս աշխարհէն հեռացաւ խաղաղ ու հանգիստ։