Տարիներու աւանդութեան համաձայն, ՀՕՄի «Անահիտ» մասնաճիւղը այս տարի եւս մեծարեց հայ կինն ու հայ մայրը, որ տեղի ունեցաւ Կիրակի, 3 Մայիս 2015ին, Ազգային «Ֆերահեան» վարժարանի «Աւետիսեան» սրահին մէջ։
Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեանի աղօթքին յաջորդեց մասնաճիւղի ատենապետուհի Սոնա Պոսթանեանի բարի գալուստի խօսքը, ուր ան նշեց, թէ՝ «Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առթիւ հանդիսութիւնը կը ձօնենք հայ ազգի նահատակ մեծ մայրերուն, մայրերուն, կիներուն ու քոյրերուն յիշատակին »:
Գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկաւ Սիրվարդ կաւուկչեան եւ նուագեց ու երգեց Շուշան Պետրոսեանի՝ «Պատրանքի թեւով» երգը, ապա Մարալ Վարժապետեան ասմունքեց Պարոյր Սեւակի «Մայրենի լեզուն» եւ Ալիսիա Կիրակոսեանի «Մայրութիւն» քերթուածները: «Մարտիկի երգը» երգչուհի՝ Գարին Արապեան, դաշնակի ընկերակցութեամբ Ս. կաւուկչեանի, իսկ երգեհոնի վրայ հայկական նուագներով եւ պարեղանակներով մթնոլորտը մերթ ընդ մերթ ճոխացուց Ալֆրետ Ադամեան:
Օրուան պատգամաբերն էր Սեդա Գրիգորեան:
Սոնա Պոսթանեան ներկայացուց Գրիգորեանի համառօտ կենսագրականը, ապա բեմ հրաւիրեց գրականագէտ եւ հրապարակագիր պատգամաբեր ընկերուհին, որ հայ մօր հոգեմտաւոր եւ ընկերային կերպարին անդրադարձումը կատարեց հեթանոսական շրջանէն մինչեւ մեր օրերը, վերլուծականին հետ ներկայացնելով նաեւ հայոց պատմութենէն եւ հայ յեղափոխական գրականութենէն ուսանելի դրուագներ:
Հանդիսութեան աւարտին վարչութիւնս ՀՕՄի գնահատագրերով պատուեց իր շրջանէն նուիրեալ եւ ժրաջան վեց ընկերուհիներ՝ Վիքի Մանուկեան, Ռոզ Ալթունեան, Շաքէ Ունճեան, Անժէլ Տէր Գրիգորեան, Մարի Գարամարտեան եւ Շուշան Փլաթքին, իսկ յայտագիրին մասնակցող արուեստագէտներն ու պատգամախօսը՝ ծաղկեփունջերով:
Սեդա Գրիգորեան իր խօսքը սկսաւ՝ ըսելով. «Ամիսը Մայիս է, մայրերու ամիս:
Հայ ժողովուրդը ՄԱՅՐ անուանած է իր ոգեղէն եւ ազգային բոլոր արժէքները՝ Մայր Բնութենէն մինչեւ Մայր Աստուածածին, Մայր Եկեղեցի, Մայր Աթոռ, Մայր Լեզու, Մայր Արաքս եւ մանաւա՛նդ՝ Մայր Հայաստան՝ իբրեւ գոյատեւման հոգեւոր խորհուրդ եւ գերագոյն արտայայտութիւն՝ սիրոյ, նուիրուածութեան ու անսակարկ յարգանքի»:
Արամ Հայկազը օրինակ բերելով՝ բանախօսը ըսաւ. «Տեղահանուած եւ գաղթի ճամբան բռնած արձակագիր Արամ Հայկազի ընտանիքը՝ իրեն ճակատագրակից բազմաթիւ հայերու հետ կը տարուէր դէպի անյայտ վայրեր, երբ պատանի Արամին մայրը կը նախազգայ մահուան անխուսափելի վտանգը: Ստոյգ մահէն կարենալ ազատելու համար իր որդին, ան իր զաւակը՝ փոքրիկ Արամը, կը յանձնէ հոն գտնուող քիւրտերուն»:
«Տիկնայք փափկասունք հայոց աշխարհի». Եղիշէ Պատմիչի պատմական այս խօսքը՝ Վարդանանց պատերազմին իրենց անսակարկ մասնակցութիւնը բերած եւ յանուն հայրենիքի նահատակուած իշխանական հայ տիկիններուն ու մանաւա՛նդ Մեծ Տիկինին՝ Վարդան Մամիկոնեանի մօր մասին, նոյնքան այժմէական կը թուի այսօր, երբ ակնարկ մը նետենք հայ ժողովուրդի փառահեղ անցեալին, ստրկութեան դարերուն, Եղեռնի շրջանի եւ մերօրեայ՝ ազատագրուած Արցախի յեղափոխական դրուագներուն, ուր պատնէշի վրայ կանգնած է հայ կինը, հայ մայրը պատրաստ՝ նուիրելու իր կեանքը, մարտիրոսանալու յանուն հողի, հայրենիքի ազատութեան, յանուն լիարժէք կեանք ապրելու գաղափարի կենսագործման, յայտնեց Գրի-գորեան:
Բանախօս Ս. Գրիգորեան՝ ճամբորդելով մեր պատմութեան էջերուն մէջ, վեր առաւ հայ մօր դերն ու արժէքը եւ իր խօսքը աւարտեց հետեւեալով «Հայ ազգի հերոսածին մայրերը պիտի քալեն նաեւ վաղը՛, որպէսզի իրենց մայիսեան յաղթապանծ երթով ծնունդ տան նո՛ր հերոսներու, մինչեւ ամբողջական հայութեամբ Միացեալ Հայաստանի վերստեղծում, մինչեւ «անկատար տենչեր»ու կատարեալ իրագործում…
Մայրերու կեա՜նք… ահա՛ եւ աւարտ չունեցող վէպը մեր մայրերու կենսագրութեան, հա՛յ մօր համբուրելի էութեան:
Յարգա՜նք քեզ, հերոսներ ծնած հայ ժողովուրդ,
Յարգանք ձեզ ու բիւ՜ր պատիւ, բոլոր անցած, ներկայ եւ գալիք հերոսածին հայ մայրեր…»
ՀՕՄԻ «ԱՆԱՀԻՏ»
ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ