ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի կառավարութիւնը իր Հինգշաբթի, 27 Մայիսի նիստին, որոշեց վառառքի հանել ազգային փոստային ծառայութիւնը՝ «Հայփոստ» ընկերութիւնը: Կառավարութիւնը այս որոշումը կայացուցած է անսպասելի, առանց նախնական քննարկումներու:
Որոշման գրաւոր բացատրութեան մէջ նշուած է, որ ընկերութեան «մասնաւորեցումը կը նպաստի փոստային կապի զարգացմանը եւ նոր ներդրումներ, ժամանակակից սարքաւորումներ ու տեխնիկա կը ներգրաւուի, կը յանգեցնի փոստային բաժանմունքների ենթակառուցուածքների վերականգնմանը»:
«Նիուզ» կը նշէ, որ 2006ին «Հայփոստը» հաւատարմագրային կառավարման յանձնուած է արժանթինահայ գործարար Էտուարտօ Էռնեկեանին պատկանող «Հայփոստ Թրասթ Մենեյճմըն»չ ընկերութեան: 2009-14 թուականներուն ընկերութիւնը շուրջ 20 մլն. տոլարի ներդրում ըրած է, ինչպէս նաեւ սկսած է առաջին, թէեւ սահմանափակ քայլերը, փոստային բաժանմունքներու միջոցով ֆինանսական ծառայութիւններու զարգացման ուղղութեամբ:
2012ին ՀՀ կառավարութեան եւ նշուած ընկերութեան միջեւ կնքուած է նոր պայմանագիր, որով հաւատարմագրային կառավարման ժամկէտը երկարած է մինչեւ Դեկտեմբեր, 2016:
«Նիուզ» նաեւ կը նկատէ որ, քանի մը օր առաջ՝ Մայիսի 20ին, ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան ընդուած էր Էտուարտօ Էռնեկեանը, սակայն հանդիպման մասին պաշտօնական հաղորդագրութիւններուն մէջ «Հայփոստը» վաճառելու կառավարութեան մտադրութեան մասին ոչինչ նշուած է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.