Քանատայի Հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական 57/14րդ ժողովը տեղի ունենցաւ 22-23 Մայիս 2015ի շաբաթավերջին, Ս. Նշան Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին եւ Հոգաբարձութեան հիւրընկալութեամբ, Քեմպրիճ, Օնթարիոյի մէջ:
Ժողովը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին՝ կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սուրբ Աթոռին, եւ շնորհաւորեց նորին սրբութիւնը, իր խիզախ եւ աննախընթաց պահանջատիրութեան՝ Սիսի կաթողիկոսարանի կալուածները իրենց իրաւատէրերուն վերադարձնելու համար:
Ժողովը նաեւ պաշտօնական նամակ յղեց Քանատայի վարչապետ Ստեֆըն Հարփըրին, շնորհակալութիւն յայտնելով անոր՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առթիւ իր ցուցաբերած շարունակական զօրակցութեան համար եւ վարչապետը պաշտօնապէս տեղեակ պահուեցաւ Սիսի կաթողիկոսարանի դատի ու անոր պահանջատիրութեան կապակցաբար, յուսալով որ Եւրոխորհուրդի բեմերէն ան կը ցուցաբերէ իր դրական կեցուածքը:
Քանատայի Ազգային 57/14րդ Երեսփոխանական ժողովը հանգամանօրէն անդրադարձաւ թեմիս եկեղեցիներուն ազգային եւ եկեղեցական բազմակողմանի հարցերուն եւ գլխաւորաբար իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուց քրիստոնէական եւ հայեցի դաստիարակութեան, ազգային պահանջատիրութեան եւ մանաւանդ Քանատա ժամանող Սուրիոյ հայութեան մեր հարազատներու ամէնօրեայ օժանդակութեան գծով:
Այս առիթով, Ազգային Երեսփոխանական ժողովս անգամ մը եւս վերահաստատեց իր անվերապահ պատկանելիութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սուրբ Աթոռին ու անոր առաքելութեան:
Ժողովի աւարտին տեղի ունեցաւ Ազգային վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու ընտրութիւն՝ 2015-2016 տարեշրջանին համար:
Ի դիմաց Քանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին՝
ԴԻՒԱՆ ՔԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ
Քեմպրիճ, Օնթարիօ
23 Մայիս, 2015