ՄԱՆՈՒՇԱԿ ԼԱԳԼԱԳԵԱՆ
ՏԷԿԻՐՄԷՆՃԵԱՆ
ՀՕՄի «Սօսէ» վարժարանի հանդէսը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, Մայիս 18ի երեկոյեան, «Ուեպսթըր» վարժարանի հանդիսասրահին մէջ, ներկայութեամբ վարժարանի անձնակազմին, վարչութեան, ծնողներու եւ հիւրերու:
Երէց դասարանի աշակերտներուն կողմէ ամերիկեան ուխտի եւ Հայաստանի քայլերգի կատարումէն ետք, բեմ բարձրացան կրտ-սեր դասարանի աշակերտները, կատարեցին հայ աշակերտին ուխտը եւ «Մայրենի Լեզու» արտասանութիւնը:
Ապա երեք աշակերտներ բարի գալուստի իրենց խօսքով ողջունեցին ներկաները, շնորհակալութիւն յայտնեցին «Սօսէ» վարժարանի տնօրէնութեան, վարչութեան եւ ուսուցիչներուն, որոնք դժուարութիւններուն յաղթելով, ջանք եւ ճիգ չեն խնայեր որպէսզի աշակերտները մնան հայ հոգիով, միտքով եւ լեզուով: Անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին ՀՕՄին, դիտել տալով, որ ան իր ազգանուէր ծառայութեամբ եւ բարեգործ ներկայութեամբ օրհնութիւն կը մնայ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ, յետեղեռնեան օրերէն մինչ օրս, արդարացնելով՝ «ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար» նշանաբանը: Անոնք իրենց ուրախութիւնն ու հպարտութիւնը յայտնեցին հայերէն սորվելու համար եւ հպարտութեամբ ուխտեցին հաւատարիմ մնալ մեր մէկ ու կէս միլիոն նահատակներու արեան կանչին՝ մնալով հայրենասէր եւ պահանջատէր, ապա շնորհակալութիւն յայտնեցին ծնողներուն՝ «Սօսէ» վարժարան յաճախելու առիթին համար:
Ապա իւրաքանչիւր աշակերտ հանդէս եկաւ մայրենի լեզուի, հայրենիքի եւ հայ դրօշի գաղափարը պարփակող ոտանաւորով, ապա հանդէս եկան ազգայնաշունչ հայրենասիրական երգերով՝ մեծ ոգեւորութիւն եւ խանդավառութիւն յառաջացնելով սրահէն ներս:
Նաեւ, անհատաբար ելոյթ ունեցան երէց դասարանի աշակերտները, ներկայացնելով զանազան թեմաներով ոտանաւորներ, բայց մանաւանդ՝ պահանջատիրութեան եւ հայրենասիրութեան միտքերը ցոլացնող քերթուածներ:
Եռագոյն դրօշը՝ բեմին կեդրոնը տեղադրուած, առաւել եւս փայլք կու տար հանդիսութեան։
Աշակերտները խմբերգեցին դպրոցական քայլերգը, «Իմ Հայրենեաց Հոգի Վարդան»ը, «Երեւան»ը եւ «Կիլիկիա»ն։ Ներկաները ոգեւորութեամբ կը հետեւէին, հայ լեզուն կը ծաղկէր, հայ հոգին կը սաւառնէր սրահէն ներս։ Աւարտին, աշակերտուհի մը իր սրտի խօսքը արտասանեց, յիշելով ՀՕՄի նուիրական առաքելութիւնն ու «Սօսէ» վարժարանի 35ամեայ առաքելութիւնը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց «Սօսէ» վարժարանի տնօրէնուհի Մէյրի Աղոյեանին, որ ամենայն բծախնդրութեամբ եւ պարտանաճանաչութեամբ կը կատարէ իր պաշտօնը։
Իւրաքանչիւր աշակերտ ծաղիկով մը իր շնորհակալութիւնը յայտնեց տնօրէնուհիին: Մէյրի Աղոյեան զգացուած՝ ողջունեց բոլորը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց երէց դասարանի ուսուցչուհի Էվելինա Եղիազարեանին եւ կրտսեր դասարանի ուսուցչուհի Մանուշակ Տէկիրմէնճեանին, որոնք սահմանափակ ժամանակամիջոցի ընթացքին իրենց լաւագոյնը տուած էին պատրաստելու համար նման հանդէս մը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն եւ «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութեան իր նախանձախնդիր մօտեցումին համար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.