
Վերջերս յաճախ կը լսենք Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանէն եւ իր մանկլաւիկ վարչապետ Տաւութօղլուէն ու արտաքին նախարար Չաւուշօղլուէն, թէ նախագահ Էրտողան Հայաստանին բարեկամութեան ձեռք երկարեց, բայց այդ երկարած ձեռքը օդին մէջ անպատասխան մնաց: Արդեօք պրն. Էրտողան իսկապէս կը հաւատա՞ր, թէ այդ ձեռքը պիտի ընդունուէր մեր կողմէ, երբ ինք ալ մեզի չափ եւ աւելի գիտէ, թէ այդ «բարեկամութեան» ձեռքը, ուրացումի, սուտի եւ նենգութեան մարմնացումն է: Իսկ թուրք ղեկավարներու բարեկամութեան առնչութեամբ կ՛ուզեմ պատմութիւն մը յիշեցնել: Գրիգոր Զօհրապ եւ Թալէաթ լաւ ընկերներ էին եւ յաճախ միասին «փոքէր» կը խաղային: Վերջին գիշերը, երբ Զօհրապ եւ Թալէաթ «Circle d՛0rient» ակումբին վերջացուցին իրենց խաղը եւ կը պատրաստուէին բաժնուելու, Թալէաթ մօտենալով կը համբուրէ Զօհրապը: Համակրանքի այս անսպասելի արտայայտութիւնը զարմանք կը պատճառէ Զօհրապին, որ կը հարցնէ:
– Ի՞նչ կը նշանակէ այս համբոյրը:
– Սիրտիս խորքէն է, մեր բարեկամութեան սիրոյն.- կը պատասխանէ Թալէաթ:
Նոյն գիշերն իսկ Զօհրապ կը ձերբակալուի նոյնինքն Թալէաթի հրահանգով եւ իր կեանքով կը վճարէ թրքական «բարեկամութեան» գինը: Այսքանը կը բաւէ թուրք ղեկավարներու «բարեկամութիւն»ը ընկալելու: Պարոն նախագահ, մեզի երկարած «բարեկամութեան» այդ նոյն ձեռքով չէ՞, որ կը սպառնաս բոլոր այն երկիրներուն, որոնք ճանչցան կամ կը պատրաստուին ճանչնալու Ցեղասպանութիւնը եւ տակաւին կ՛ուզես որ լուրջի առնենք այդ ձեռքը:
Յաճախ կը կրկնես նոյն բանը, թէ ձեր արխիւները բաց են եւ թէ Հայաստանն ալ իր արխիները թող բանայ ու պատմաբանները թող որոշեն, թէ ցեղասպանութիւն եղած Է կամ ոչ: Պրն. Էրտողան, ցեղասպանութեան իրողութիւնը հասկնալու համար ո՛չ արխիւներու պէտք ունիս, ոչ ալ պատմաբաններու. մօտալուտ երեսփոխանական ընտրութիւններու քարոզարշաւին համար, երբ կը շրջիս Թուրքիոյ գրեթէ ամէն շրջանները, խորհուրդս է որ երբ գտնուիս Վան, Մուշ, Խարբերդ, Տրապիզոն եւ ուրիշ շատ մը տեղեր, խօսիս տեղւոյն տարեցներուն հետ ու հարցնես իրենց հայրերէն ու մեծ հայրերէն լսածներուն մասին 1915ի առնչութեամբ: Եւ երբ լսես անոնց պատմածները, այլեւս ո՛չ արխիւներու եւ ոչ ալ պատմաբաններու պէտքը կ՛ունենաս: Եւ այն ատեն ձեռքդ փոխանակ հոս ու հոն երկարելու, դի՛ր զայն սրտիդ ու անսա՛ խիղճիդ ձայնին եւ քաջաբար առերեսուի՛ր երկրիդ ցեղասպանական անցեալին հետ: Իսկ եթէ տակաւին յամառիս ուրացումի քաղաքականութեան մէջ, շարունակելով այդ նոյն ձեռքը սպառնական ճօճել մեծ ու փոքր այն բոլոր երկիրներուն դէմ, որոնք ճանչցան՝ կամ պիտի ճանչնան ցեղասպանութիւնը, պրն. Էրտողան կը վստահեցնեմ քեզի, թէ այդ ձեռքը օր մը անպայման շատ անհաճոյ անակնկալի մը պիտի հանդիպի: