ՊՈԼԻՍ, «Էրմենիհապեր».- Արդէն 43 օր է, որ Պոլսոյ Թուզլա շրջանին մէջ գտնուող հայ որբերու կիսաքանդ «Արմէն» ճամբարին մէջ տասնեակ հայ երիտասարդներ կ՛իրականացնեն շուրջօրեայ հերթապահութիւն՝ պահանջելով անարդարացիօրէն խլուած ճամբարը վերադարձնել հայ համայնքին:
Անարդարութիւնը դատապարտող, պայքարի ու համերաշխութեան կոչերով, պաստառներով ու գրութիւններով ողողուած ճամբարի պատերէն ներս կը լսուի հայկական ժողովրդական երաժշտութիւն, կը պատրաստուի աւանդական տոլմա եւ տեղի կ՛ունենան զանազան միջոցառումներ:
Ճամբարի պահպանման միտուած դիմադրութեան մասնակիցներէն քանի մը հատին հետ զրուցած է «Էրմենիհապեր»ի թղթակիցը, փորձելով պարզել 16-18ամեայ երիտասարդներու՝ պայքարին մասնակցելու խիզախութեան աղբիւրը, մտավախութիւններն ու ակնկալիքները:
«Այս ճամբարը մեր տունն է: Անիկա կառուցուած է մեր տարիքին եւ մեզմէ փոքր երեխաներու ձեռքով: Զգացական կապ կայ այս տեղին հետ: Երեխաներու քրտինք թափած է այստեղ, ո՛րբ երեխաներու: Ցեղասպանութեան շարունակութիւնն է ասիկա ու անոր համար այսօր մենք հոս ենք», կ՛ըսէ 18ամեայ Արթուր Քալք: Ըստ անոր՝ եթէ նոյնիսկ ճամբարը որպէս «նուիրատուութիւն» յանձնուի հայ համայնքին, այդ պիտի համարուի պայքարի արդիւնքն ու յաղթանակ։
16ամեայ Արատ Եըլտըրըմ նշած է, որ առհասարակ կը պայքարի մարդկութեան դէմ իրագործուող յանցագործութիւններու դէմ: «Այսօր մենք ենք զոհը, իսկ վաղը՝ ուրիշ մը: Այն, ինչ տեղի կ՛ունենայ ճամբարին հարցով, անարդարութիւն է: Ես եկած եմ պայքարելու այդ անարդարութեան դէմ: Բնականաբար, հայ ըլլալս ալ նշանակութիւն ունի, բայց այդ մէկը չի նշանակեր, որ պիտի չպայքարիմ, եթէ ուրիշ ազգի մը հետ նման բան ըլլայ»:
«2007էն ի վեր մենք կու գանք այս ճամբարը: Մենք ալ ունինք անցեալ այս վայրին հետ կապուած: Կարծես անիկա իմ տունն է ու անոր համար հիմա հոս կը գտնուիմ», ըսած է 16ամեայ Շիրակ Քահմեսչեան:
Երիտասարդները կը նշեն, որ ճամբարի դիմադրութեան մասնակցիլը անվտանգ չէ։ Նախ կառոյցի որոշ մասերը անկայուն վիճակի մէջ են, ապա կայ նաեւ ոստիկանութեան ներխուժումի վախը, սակայն իրենք վճռած են մնալ եւ պատրաստ են պայքարելու մինչեւ վերջ:
«Կարգ մը ընկերներուս ընտանիքները չեն արտօներ որ գան, որովհետեւ վտանգաւոր տեղ է՝ անկախ ամէն ինչէն: Սակայն մարդոց խիզախութիւնը պէտք է արթնցնել», ըսած է Արթուր:
Այն հարցումին, թէ ինչ ակնկալիքներ ունին խնդիրի լուծման գծով, բոլորը միաձայն պատասխանած են. «Ճամբարը ետ պիտի վերցնենք, այլապէս այստեղէն դուրս չենք գար»: