ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի փոխադրութեան եւ կապի նախարար Գագիկ Բեգլարեան հանդիպում ունեցած է Չինաստանի քաղաքացիական երկրաչափական-շինարարական կազմակերպութեան (CCECC) խորհուրդի նախագահ Վու Վանլիանկին եւ ընկերութեան ներկայացուցիչներուն հետ:
Նախարարը ողջունած է հիւրերը՝ յոյս յայտնելով, որ նման հանդիպումներու ընթացքին քննարկուող հարցերը եւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները պիտի նպաստեն Հայաստանի ենթակառուցուածքային համակարգի զարգացման:
«CCECC» ընկերութեան խորհուրդի նախագահ Վու Վանլիանկի վերահաստատած է չինական կազմակերպութեան հետաքրքրութիւնը եւ փափաքը՝ մասնակից դառնալու Հայաստանի հարաւային երկաթուղիի կառուցման ծրագիրին:
Չինական կողմը ներկայացուցած է ծրագիրի ֆինանսաւորման հաւանական քանի մը մեքանիզմներ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են նաեւ երկաթուղիի կառուցման վերաբերեալ շարք մը այլ հարցեր:
Կողմերը հանգամանալից կերպով քննարկած են «Հայաստանի հարաւային երկաթուղի» ծրագիրի իրականացման առանձնայատկութիւնները: Երկուստեք ընդգծած են երկաթուղիի կառուցման կարեւորութիւնը ինչպէս Հայաստանի Հանրապետութեան, այնպէս ալ ամբողջ տարածաշրջանին համար: