ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- Յունիս 23ին, Ազգային Ժողովի արտակարգ նստաշրջանի նիստին ընդունուած օրէնքի փոփոխութեան համաձայն, 2017 Յունուար 1էն սկսեալ աշխատանքային գրքոյկները գործածութենէն պիտի հանուին, իսկ նոր աշխատողներուն համար գրքոյկներ պիտի չբացուին:
Հայաստանի արհմիութիւններու համագործակցութեան աշխատակազմի իրաւաբանական բաժինի պետ Միքայէլ Փիլիպոսեան հաւաստիացուցած է, որ այդ փոփոխութիւնները անհրաժեշտ են, քանի որ օրէնքի մէջ առկայ շարք մը յօդուածներ իրար կը հակասեն:
Ասկէ ետք աշխատանքային պատմութեան մասին տեղեկութիւնները պիտի պահպանուին համապատասխան շտեմարաններու մէջ: