Սիրելիներ,
Անթիլիասից յղուած գուժկան հաղորդագրութիւնից իմացանք մեր միաբանութեան երիցագոյն եղբայրներից եւ ձեր հարազատի՝ վաստակաշատ հոգեւորական Կորիւն Ս. արք. Պապեանի վախճանման մասին:
Սրբազանի վախճանումով, մեր Ս. Աթոռի ժամանակակից պատմութեան ճակատագրական օրերին իւրայատուկ դերակատարութիւն ունեցած Երանաշնորհ Զարեհ Ա. կաթողիկոսի ձեռնասունների թիւը նուազում է, որոնք մեր միաբանութեան քանակային առումով վտիտ օրերին, իրենց կարեւոր ներդրումով անգնահատելի ծառայութիւն մատուցին մեր ժողովրդին Կիլիկեան Ս. Աթոռի միջոցով, իբրեւ կրթեալ ու բարձրագոյն ուսում ստացած կղերականներ: Եւ ի՜նչ զուգադիպութիւն, սրբազանը իր մահկանացուն է կնքում երջանկայիշատակ վեհափառի ծննդեան 100ամեակի տարում:
Հոգելոյս Կորիւն սրբազանի անունը կապուած կը մնայ նաեւ իրանահայութեան կեանքին, Սպահանի Հայոց թեմում նրա նուիրեալ ծառայութեան շուրջ քառորդ դարի պատմութիւնը նկատի ունենալով: Սրբազանի հոգեւոր ու ազգային ժողովական կեանքի փորձառութիւնների հետ, իրանահայերի յիշողութեան մէջ նա կը մնայ նաեւ իբրեւ զուարթ այն հոգեւորականը, որի ներկայութեամբ եւ քօղարկուած սրամտութիւններով հաճելի էր դառնում ընկերական որեւէ հաւաք:
Սիրելինե՛ր,
Այս տխուր առիթով, Ատրպատականի Հայոց թեմի Հոգեւորականաց դասի, Պատգամաւորական ժողովի, Թեմական խորհրդի եւ անձնապէս մեր անունից ընդունէք մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները: Ս. Հոգու անսպառ մխիթարութիւնն ենք հայցում ձեզ բոլորիդ եւ մեր միաբանութեան:
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի. ամէն:
Վշտակից
ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Առաջնորդ Ատրպատականի Հայոց Թեմի
***
Սիրելի Մհեր,
Այս ի՜նչ ցաւալի լուր: Անհաւատալի՜:
Զատիկին նոր տեսայ զինք եկեղեցին:
Բարեւեցինք…
Մեր խորին ցաւակցութիւնները։
Մեր եկեղեցին ոչ միայն բարձրաստիճան կղերական մը կորսնցուց, այլ նաեւ մեծ մտաւորական մը: Ժամերով եկեղեցիին բակը շատ մը նիւթեր կ՛արծարծէինք…
Բոլորիս համար մեծ կորուստ մըն է:
Աստուած հոգին լուսաւորէ:
Ատոմ, Սելլա
*Մհեր, մոռցայ աւելցնելու, որ ամէն Լոնտոն գալուն միշտ մեզի կ՛այցելէր, անհատնում նիւթեր ունէր, եւ միասին չինական ճաշարան կ՛երթայինք:
***
Սիրելի Մհեր,
Անկեղծ ցաւակցութիւն իմ եւ տիկնոջս՝ Զարմինէին կողմէ: Մեր այս «ցաւակցութիւնը» կապ չունի ընթացիկին, սովորաբար ամէն մահուան առիթով ըսուածներուն հետ, այլ անոնցմէ է այս մէկը, որ բառի մէջ խտացած կ՛արտայայտէ հոգի ճմլող զգացում մը, ճնշող մելամաղձոտութիւն մը: Տարբեր ալ չէր կրնար ըլլալ արդէն: Սրբազանին վախճանումին գոյժը 57 տարիներ ետ տարաւ զիս եւ յիշողութեանս մէջ վերակենդանացուց Դպրեվանքի ուսանողական տարիները, ուր սերնդակից դպրեվանեցիներս, ապագային մէջ ազգին ու եկեղեցիին ծառայելու երազներով ուսանողական գրասեղաններուն վրայ ուսումի պայքարը կը մղէինք: Կատաղի ընթերցող ու անխոնջ աշխատող, յարատեւօրէն ինքզինք մշակեց հոգելոյս սրբազանը եւ իրականացուց դպրեվանեցիի իր երազը. նուիրուեցաւ ազգին՝ իբրեւ եկեղեցիի ծառայ ու առաջնորդ, իբրեւ ուսուցիչ եւ բանասիրական ու գեղարուեստական մեր գրականութիւնը հարստացնող բեղուն գրիչ: Անսակարկ ընդառաջեց պարտականութեան կանչին:
Երկու ամիս առաջ, տիկնոջս հետ վերջին հանդիպումս՝ վանքի իր առանձնասենեակին մէջ: Քայքայուած առողջութեամբ, սեղանին հակած՝ բանասիրական պրպտումի մէջ էր: Վերյիշեցինք հին օրերը եւ խօսեցանք բանասիրական իր նոր գրութիւններուն մասին: Զարմանքս յայտնեցի բանասիրութեան նուիրուած ըլլալուն, քանի ինծի պէս՝ սերնդակիցներս ալ գիտէին, որ ուսանողական շրջանին իր մեծ սէրը գեղարուեստական գրականութիւնն էր, եւ այդ ժամանակէն տաղանդաւոր գրիչի մը խոստումը կու տային Դպրեվանքի «Գլաձոր» պարբերաթերթին մէջ լոյս ընծայուած իր պատմուածքները, որոնցմէ մին յիշեցի այդ պահուն՝ «Միականի Աւագը»…
Ուրախացաւ: Գրասեղանի գզրոցէն հանեց տետրակ մը եւ անոր էջերէն ոգեշունչ ընթերցումով արտասանեց բանաստեղծութիւն մը. կ՛ենթադրեմ ՝ անտիպ: Կրօնական ու աշխարհիկ զգացումներու հեղեղով եւ մտածումի փայլերով ընդելուզուած ստեղծագործութիւն մը, զոր «գրած եմ Օքսֆորտի մէջ ուսանած շրջանիս» ըսաւ… Ուշադիր ըլլալ, որ այդ տետրակը չկորսուի: Անշուշտ ուրիշներն ալ, եթէ կան:
Հին յուշերով եւ նոր յոյզերով աւելի երկար չանհանգստացնելու համար զինք, երբ հրաժեշտ առնելու կը պատրաստուէինք, հոգելոյսը հանդարտ ու անխռով ըսաւ. «Միհրա՛ն, կը զգամ որ շատ շուտով պիտի մեկնիմ: Պատրաստ եմ ե՛ւ հոգիով, ե՛ւ մարմինով: Փա՜ռք տիրոջ, 75 տարի ապրեցայ եւ միշտ հաւատարիմ մնացի եկեղեցականի ուխտիս: Ծառայեցի որքան որ կրնայի եւ որքան որ մարմինս կ՛արտօնէր»:
Այս խօսքերն էին, որ տիկինս եւ ես լսեցինք իր բերնէն երկու ամիս առաջ:
Որքան որ կը յիշեմ, Աստուածաշունչին մէջ տեղ մը գրուած է. «Կեանքի պատերազմը պատերազմեցայ, ինծի կ՛իյնայ արդ երկինքի խաղաղութիւնը…»:
Օրինակելի ծառայութեան եւ արդիւնաւոր գործերու պատերազմ մը եղաւ իր կեանքը։ Յոգնաբեկ իր մարմինը եւ հոգին թող իրենց հանգիստը գտնեն յաւիտենական երանութեան մէջ:
Ձեր բոլոր հարազատներով երկար ապրիք եւ երկար յիշէք հոգելոյս սրբազանը:
Վշտակիցներ՝
Միհրան եւ Զարմինէ Քիւրտօղլեան
Յ. Գ.
1. Եղբօրդ, Գալուստին հետ յարաբերուելու կապ չունիմ: Խնդրեմ, իրեն եւս փոխանցէ մեր ցաւակցութիւնները:
2. Յունաստանի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ սրբազանին հոգիին ի հանգիստ աղօթքի արարողութիւն պիտի կատարուի վաղը, Կիրակի օր: Որով, մենք ալ աղօթք մը պիտի մրմնջենք իր յիշատակին:
***
Սիրելի Մհեր,
Խորին ցաւակցութիւններս եղբօրդ դեռ երիտասարդ վախճանումին համար: Եկեղեցին եւ ազգը կը կորսնցնեն արդէն իսկ հազուագիւտ պատրաստուած իրենց մշակներէն մէկը: Միտքս են դեռ տասներկու տարեկանիս տուած հաղորդութիւնը եւ ըսած խօսքերը:
Խորին բարեկամութեամբ,
Յակոբ Կիւլիւճեան
***
Սիրելի Մհեր,
Սիրելի Կորիւն սրբազանին անակնկալ (գոնէ ինծի համար) վախճանիլը խոր տխրութիւն պատճառեց ինծի եւ կնոջս՝ Հայկանոյշին: Լսած էի թէ առողջութիւնը կատարեալ չէր, սակայն բնաւ միտքէս չէր անցներ որ այսքան շուտ հրաժեշտ պիտի առնէր կեանքէն:
Ափսո՜ս մեր եկեղեցիին եւ մեր Սուրբ Աթոռին: Վստահ եմ, թէ որպէս երէց միաբան, տարիներու երկայնքին իր ձեռք բերած փորձառութենէն եւ իմաստութենէն մեծ բաժին կը հանէր ու տակաւի՛ն ալ պիտի հանէր հասնող սերունդներուն: Եւ աւելին, զերծ՝ վարչական կեանքի պարտադրած անխուսափելի տաղտուկներէն, տակաւին շատ բան ունէր տալիք մեր հոգեւոր գրականութեան՝ իր բանասիրական աշխատութիւններուն ճամբով:
Հայկանոյշին եւ իմ կողմէ անկեղծ ցաւակցութիւններ քեզի եւ ընտանիքիդ բոլոր անդամներուն: Մխիթարուեցէ՛ք այն հաստատ իրողութեամբ, որ իր հոգեւոր ու մտաւոր կարողականութեան լաւագոյնը անսակարկ կերպով ի սպաս դրաւ մեր ժողովուրդին եւ եկեղեցիին:
Մշտնջենական լոյս իր հոգւոյն:
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի:
Եդուարդ Աբէլեան
***
Սիրելի Մհեր,
Տխրութեամբ կը գրեմ այս տողերը՝ ըսելու համար, որ երբ մեր սիրելիները կը մեկնին այս աշխարհէն, այս պարագային շատ յարգելի եւ սիրելի եղբայր մը, երբեք մեզ չեն թողուր, կը հեռանան միայն ֆիզիքապէս եւ կը շարունակեն մնալ կենդանի մեր յուշերուն մէջ, կենդանի մեր միտքերուն ու հոգիներուն մէջ, եւ կը փայփայենք զիրենք գեղեցիկ յուշերու անմոռանալի պատկերներով, եւ հետեւաբար չեն մեռներ, միայն կը բաժնուին մեզմէ:
Ինծի համար մեծ ուրախութիւն էր ամէն հանդիպելուս հոգելոյս սրբազանին հետ զրուցել, լսել իր այնքան խորիմաստ մեկնաբանութիւնները մեր ազգային, կրօնական եւ հասարակական կեանքի իրադարձութիւններուն մասին, միշտ սրամտութեամբ համեմուած եւ սքանչելի հայերէնով մը արտայայտուած: Ափսոս որ կարճ եղաւ իր կեանքը, երբ տակաւին իր գաղափարական միտքերը պիտի դարձնէր բոլորիս լսելի եւ ուսանելի:
Թող Աստուած երկնային արքայութեան արժանի ընէ զինք եւ ձեզ մխիթարէ իր գեղեցիկ յուշերով:
Բաժնելով ձեր վիշտը՝ ընդունեցէք ցաւակցութեան խոր զգացումներս։
Անկեղծօրէն՝
Սեդա Խտշեան-Մարկոսեան