ԼԻՆՏԱ ԳԱՆՏԻԼԵԱՆ
Կիրակի, Յունիս 7ի առաւօտեան, Կլենտէյլի Հայ կաթողիկէ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին ցնծաց, երբ վարժարանի հունձքը նուիրաբերուեցաւ խորան։ Աշակերտները իրենց շրջանաւարտութեան տարազներով՝ առաջնորդութեամբ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Անտոն Նորատունկեանի, տնօրէնութեան, ուսուցիչներու եւ դպիրներու, շարականներու երգեցողութեան ներքեւ մուտք գործեցին տաճար, ուր հաւատացեալներ եւ ծնողներ կը սպասէին զիրենք անհամբեր:
Աշակերտները մասնակցեցան Ս. պատարագին, որուն դիտաւորութիւնը յատկապէս աւարտական աշակերտներն էին: Օրուան պատարագիչն էր ժողովրդապետ հայր Անտոն Նորատունկեան, որ քարոզը հասցէագրեց շրջանաւարտներուն՝ զանոնք խրախուսելով ապագայ յաջողութիւններու հեռանկարով, վստահեցնելով, որ անոնք արդէն իսկ զինուած են դէպի յաջողութեան երկնակամարներ իրենց թռիչքը ապահովող երկու թեւերով՝ քրիստոնէական կրօնքով եւ ազգային գիտակցութեամբ: Աշակերտներու կողմէ իրենց սրտի խօսքը կարդացին՝ Միշէլ Քիւրքճեան (անգլերէն) եւ Դալար Պզտիկեան (հայերէն), որոնք Աստուծոյ գոհունակութիւն յայտնեցին եւ խոստացան հաւատարիմ մնալ կրօնքին, ազգին եւ հայրենիքին:
Աստուածաշունչի ընթերցուածները կարդացին Ճորճ Թերզեան (հայերէն) եւ Ալին Քէշիշեան (անգլերէն): Նաեւ, այս յատուկ առիթով չորս աշակերտներ՝ Մեղեդի Տէր Պօղոսեան, Թալին Ղազարեան, Սուզաննա Ֆունճեան եւ Փաթիլ Լապէճեան, կարդալով իրենց աղօթքները, հայցեցին Աստուծոյ օրհնութիւնն ու օգնութիւնը:
Յետ պատարագի, վարժարանի տնօրէնութիւնը կոկիկ հիւրասիրութեամբ մը, եկեղեցւոյ «Գույումճեան» սրահին մէջ սիրոյ սեղանի շուրջ բոլորեց հիւրերն ու ծնողները մինչ շրջանաւարտները մեծ ուրախութեամբ յիշատակելի պահեր կ՛ապրէին:
Յունիս 14ի յետմիջօրէին, տեղի ունեցաւ վարժարանի շրջանաւարտներու պաշտօնական հանդէսը, «Դանիէլեան» սրահին մէջ։
Հանդիսութեան ներկայ էին առաքինազարդ քոյրեր, ուսուցիչներ, հիւրեր, ծնողներ եւ հոծ բազմութիւն: Շրջանաւարտներու կողմէ Տէրունական աղօթքի, ապա հայկական եւ ամերիկեան քայլերգներու մեկնաբանութեամբ հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ եւ շարունակուեցաւ պաշտօնական խօսքերով ներկայացուած տնօրէնուհի քոյր Լուսիայի, դաստիարակներ՝ Լինտա Գանտիլեանի եւ Ուիլեըմ Պասեթի կողմէ, իսկ աշակերտներուն կողմէ ուղերձ արտասանեցին Ալիք Մալաքեան (հայերէն) եւ Արլին Օհանեան (անգլերէն)։ Նախագահական մրցանակը ստացող Էլիզապէթ Յովակիմեան կարդաց իր սրտի խօսքը, ապա աշակերտական խորհուրդի ատենապետուհի շրջանաւարտ Ալիք Տէր Պետրոսեան կարդաց նոյն տարուան իրագործումներուն մասին եւ իր պաշտօնը, ի բացակայութիւն յառաջիկայ տարուան նորընտիր ատենապետ Նարեկ Քիւրտեանի, փոխանցեց փոխատենապետ Նոյ Շաթոյեանին: Հանդիսութիւնը շարունակուեցաւ հայերէն եւ անգլերէն արտասանութիւններով եւ խմբերգներով, որոնց դաշնամուրով կ՛ընկերակցէր վարժարանի երաժշտութեան ուսուցչուհի՝ Վարդուհի Պաղտասարեան: Հանդիսութիւնը համեմուեցաւ Ալիք Մալաքեանի դաշնամուրի վրայ ներկայացուցած Առնօ Պապաճանեանի գեղեցիկ երաժշտութեամբ, ապա գնահատագիրներ յանձնուեցան արժանաւորներուն:
Հանդիսութեան հիւր բանախօսը, զոր ներկայացուց Արմինէ Շէրիքեան՝ Մերի Աշճեան Գանտիլեանն էր, վարժարանիս 1998 տարեշրջանի շրջանաւարտներէն, մանկավարժութեան եւ դաստիարակութեան մէջ մասնագիտացած, որ «Ֆինիքս» համալսարանին մէջ կը վարէ կրթական խորհրդատուի պաշտօն: Ան հաճելի ձեւով ներկայացուց իր զգացումները, ապա հրաւիրեց աշակերտները, որ յոտնկայս ծափողջոյններով շնորհակալութիւն յայտնեն իրենց անմիջական շրջապատը եղող եւ զիրենք խնամող ծնողներուն եւ ուսուցիչներուն, ինչ որ գոհունակութեան զգացում յառաջացուց ներկաներու հոգիներուն մէջ: Մերի իր պարզ եւ ամփոփ խօսքով աշակերտներուն ուշադրութիւնը կեդրոնացուց քանի մը անհրաժեշտ եւ կենսական կէտերու վրայ, որոնք աշակերտներուն ապագայ կեանքի յաջող ընթացքի գրաւականներն են եւ եզրակացուց՝ ըսելով. «Երբեք չմոռնալ ՀՔ վարժարանի հիմնական դաստիարակութիւնը հանդիսացող քրիստոնէական կրօնքը. կառչած մնացէք անոր եւ Աստուծոյ գոհունակութիւն յայտնեցէք ամէն վայրկեան ձեր ունեցած ամէն բարիքներուն համար»։ Շրջանաւարտներու դէմքին փայլ-քն ու ժպիտը կը փաստէր, որ պատգամը հասած էր իր նպատակակէտին:
Նախքան վկայականներու բաշխումը, շրջանաւարտներ Ռիթա Պետրոսեան եւ Շիրակ Իսթամպուլեան կարդացին վարժարանէն ներս աւելի քան տասը տարիներու իրենց յիշատակները հաճելի եւ ուրախ դէպքեր պատմելով:
Հանդիսութեան աւարտին աշակերտները իրենց վկայականները եւ նուէրները ստանձնելէ ետք, Արմինէ Շէրիքեան յայտարարեց եւ գոչեց աւարտականները՝ «2015ի Շրջանաւարտներ»։ Անոնք ծափողջոյններու եւ ուրախութեան բացագանչութիւններու ընդմէջէն մէկ կողմ նետեցին իրենց գլխարկները եւ անցան Հայ Քոյրերու վարժարանի շրջանաւարտներու հոյլին:
Սակայն հանդէսը չէր աւարտած. կար մեծ անակնկալ մը։ Վարժարանիս տնօրէնութիւնը գեղեցիկ մտայղացումը ունեցած էր պատուելու նախակրթարանի հայերէն լեզուի դասատուներէն Մարի Թիւթելեանը, գնահատելով իր 25 տարուան անսակարկ աշխատանքն ու ծառայութիւնը: Մեծարեալը ներկայացուց վարժարանիս հայերէն լեզուի ուսուցչուհի Լինտա Գանտիլեան, նախ հակիրճ ձեւով տալով Թիւթելեանի կենսագրական գիծերը, ապա վեր առնելով անոր նուիրումը որպէս մատղաշ սերունդներ դաստիարակելու աստուածահաճոյ աշխատանքին:
Այս առիթով Վարժարանիս տնօրէնուհին մեծարեալին յանձնեց 25 տարուան աշխատանքը հաստատող գնահատագիր մը:
Նաեւ ծաղկեփունջեր յանձնուեցան Մերի Գույումճեանին եւ Արմինէ Շէրիքեանին, առ ի գնահատանք վարժարանէս ներս ունեցած իրենց քսան տարուան ծառայութեան:
Վկայեալներու, պարգեւատրուողներու, ծնողներու եւ պատասխանատուներու ուրախութիւնը շարունակուեցաւ «Տիլաքս» ճաշասրահին մէջ, շքեղ ընթրիքով, պարերով եւ ճոխ երաժշտութեամբ։