Օրերը կ՛անցնին, Բաղրամեանի վրայ ցոյցը կը շարունակուի եւ օրէ օր աւելի բազմամարդ կը դառնայ: «Ոչ թալանին» նախաձեռնող խումբի եւ ընդհանրապէս ցուցարարներու կեցուածքը արժանացած է շատերու հիացմունքին: Ես ալ հպարտօրէն կրնամ յայտարարել, որ ուղղակի հրաշալի կը գտնեմ այս երիտասարդներուն վարքագիծը եւ զիս միակ անհանգստացնողը իրենց կողքին ֆիզիքապէս չըլլալն է: Այս զգացական վիճակը եւ ընդհանրապէս երեւոյթի կախարդանքը կրնան զիս զրկած ըլլալ առարկայական վերլուծութիւն կատարելու եւ շարժումի որդեգրած մարտավարութիւնը ինչ որ գիտական կամ այլ չափանիշներով գնահատելու կարողութենէն:
Շատ ալ յուզուած չեմ այս սահմանափակումէն: Մտահոգ ալ չեմ երիտասարդներու գործողութիւններուն հեռանկարային ըլլալու կամ, աւելի ճիշդը, չըլլալու մասին կասկածոտ, երբեմն նոյնիսկ բացասական դատումներէն: Շարժումի ղեկավարներուն հաստատակամութիւնը կը թելադրէ, որ անոնք հաւատացած են իրենց պայքարի յաղթական աւարտին եւ տակաւին իրենց վճռականութիւնը պայքարին մասնակցողներուն բազմացման գործօն կը մնայ: Ինծի համար այդքանը բաւարար է եւ եթէ Երեւան գտնուէի, անպայման կը միանայի ցուցարարներուն:
Իմ գնահատումով՝ շարժումը արդէն իսկ յաջողած է, որովհետեւ ծնունդ տուած է նոր որակի ընդդիմութեան մը, որուն հետ հաշիւի պէտք է նստին թէ՛ իշխանութիւնը եւ թէ Հայաստանի մէջ գործող քաղաքական կուսակցութիւնները:
Շարժումի յաղթական աւարտը պիտի ազդարարուի ելեկտրականութեան սակի թանկացման «չեղարկում»ով, որուն իրականացումը այս հանգրուանին հաւանական չի նկատուիր, գոնէ մօտիկ ապագային: Նախագահի պահանջած հաշուեքննութիւնը տակաւին յաղթանակի երաշխիք չէ, նոյնիսկ դէպի յաղթանակ տանող հանգրուանային իրագործում չի համարուիր: Շարժումի ղեկավարները կարիք չեն տեսներ նախագահի այս քայլը իբրեւ անոր կողմէ զիջում, ուրեմն յաղթանակի ճամբուն վրայ, շօշափելի յաջողութիւն ներկայացնելու ժողովուրդին՝ վստահ ըլլալով, որ ատիկա պարզապէս կրնայ ցուցարարներու վճռականութիւնը նուազեցնել, այլ ոչ թէ «ահա տեսէք սկսանք յաղթելու»՝ խանդավառութիւն ստեղծելով՝ անոնց թիւը բազմացնել:
Յամենայնդէպս, Շարժումը ուժեղանալու, տարածուելու փաստեր կու տայ, եւ այդ ինծի համար բաւարար է եզրակացնելու, որ ժամանակը կ՛աշխատի երիտասարդներու օգտին:
Ժամանակը նաեւ կ՛աշխատի նոր որակի այս ընդդիմութեան երիտասարդ ղեկավարներու հասունացման օգտին, որուն բարիքները հանրապետութեան քաղաքական կեանքին մէջ ուշ կամ կանուխ անպայման կը դրսեւուրուին: