ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Շաբաթ, Յուլիս 18ին, առաւօտեան ժամը 10էն մինչեւ կ.ե. ժամը 1, Իրանահայ միութեան կեդրոնին մէջ, ամերիկահայ ճարտարապետներու եւ գիտնականներու միութեան հիւրընկալութեամբ եւ կազմակերպութեամբ անոր երիտասարդ արհեստավարժներու յանձնախումբի համաատենապետներ Վիք Պեքարեանի եւ Քրիս Քիրիքեանի տեղի պիտի ունենայ աշխատանքի դիմումներու պատրաստութեան նուիրուած աշխատանիստ մը։
Յատկապէս ներկայ կամ ապագայ գիտնականներուն եւ ճարտարապետներուն օժանդակելու նպատակով իրականանալիք այս նախաձեռնութեան մասնակցիլ փափաքողներէն կը խնդրուի տեղեր ապահովել մինչեւ 7 Յուլիս, դիմելով AESAYPro@gmail.com հասցէին։
Լոս Անճելըսի Իրանահայ միութեան հասցէն է՝ 117 S. Louise Street, Glendale, CA 91205։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.