Կիրակի, 5 Յուլիսի երեկոյեան, Աթէնքի «Թեխնոփոլիս Կազի»ի մէջ տեղի ունեցաւ «Bollywood and Multicultural Dance Festival»ը: Այս ելոյթը կը բնորոշուի իբրեւ բազմաբնոյթ երազային ճամբորդութիւն մը՝ դէպի աւանդական արեւելեան երաժշտութիւն ու պարարուեստի իւրայատկութիւններով ու նկարագիրով պատկերացուած արուեստ:
Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Artistic Studio Oriental Expression-ի կողմէ:
Յունաստանի Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան «Նայիրի» երկսեռ պարախումբը տպաւորիչ ելոյթով մը հանդէս գալով, գեղարուեստական երեկոն ճոխացուց հայ երաժշտութեան, հայկական պարի ու հայկական տարազներու բազմամշակութային ճաշակ մը դրսեւորելով եւ յոյն թէ օտար հասարակութեան լայն հետաքրքրութիւնը շարժելով:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԹՂԹԱԿԻՑ