Պոլսոյ Սարըյերի շրջանի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ բակին մէջ օրեր առաջ Ռամատանի տօնական ճաշ կազմակերպելը բարկացուցած է պոլսահայ համայնքը:
Ըստ «Ակօս»ի՝ Յուլիս 9ին, Պոլսոյ Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ խորհուրդին եւ Սարըյերի քաղաքապետարանին կողմէ եկեղեցւոյ բակին մէջ Ռամատանի տօնական ճաշ (սահուր) տրուած է:
Աւելի ուշ պարզուած է, որ Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ խորհուրդը իսլամներու համար նախատեսուած Ռամատանի ճաշ կազմակերպելու համար թոյլտուութիւն չէ ստացած Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանէն:
Պոլսոյ հայոց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ, Արամ արք. Աթէշեան նշած է նաեւ, որ հայ համայնքի որոշ ներկայացուցիչներ պնդած են, թէ եկեղեցւոյ մէջ նաեւ (նամազ) աղօթք ըրած են: Ան շեշտած է, որ եթէ նման բան հաստատուի, իրենք այդ եկեղեցւոյ մէջ ծառայութեան ուղարկուած հոգեւորականը ետ կանչելէն բացի, այլ պատժամիջոց չեն կրնար կիրառել:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.