ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».– Հայկական զինուած ուժերը շատ լաւ ուսումնասիրած են թէ՛ ատրպէյճանական բանակին ամբողջ համակարգը, եւ թէ առանձին զօրամիաւորումներուն վիճակը, հետեւաբար, շատ լաւ գիտեն այդ բանակին ուժեղ եւ տկար կողմերը:
«Թեր»չին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեան՝ մեկնաբանելով ատրպէյճանական պաշտպանութեան նախարարութեան յայտարարութիւնը, թէ Հայաստան անհանգստացած է Նախիջեւանի, մասնաւորապէս, Ալիեւի հրամանով՝ Նախիջեւանի մէջ «առանձին բանակի ստեղծմամբ»:
Ան ըսած է. «Անհանգստանալ» բառը մի փոքր չափազանցուած է եւ ոչ մասնագիտական: Ադրբեջանական բանակի ցանկացած ստորաբաժանում էլ մեզ համար որոշակի անհանգստութիւն է ներկայացնում, ուսումնասիրել ենք ինչպէս ադրբեջանական բանակի ողջ համակարգը, այնպէս էլ առանձին զօրամիաւորումները, հետեւաբար, լաւ գիտենք նրանց պոտենցիալը, ինչն էլ ապացուցուել է ոչ թէ ամպագոռգոռ յայտարարութիւններով, այլ մարտական գործողութիւնների անցեալով ու ներկայով», յայտնած է Արծրուն Յովհաննիսեան:
Նշենք, որ Trend.az-ը՝ անդրադառնալով Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի սահմանագիծ, նաեւ Նախիջեւանի մօտակայքը գտնուող զօրամասեր տուած այցելութիւններուն, մէջբերած էր ատրպէյճանական պաշտպանութեան նախարարութեան մեկնաբանութիւնը՝ «թէ այս բոլորը վկայութիւն են այն մասին, որ թշնամին անհանգիստ է»:
Նախիջեւանի բանակը, ըստ ռազմական փորձագէտներու, արդէն երկրորդ տարին ըլլալով կը գործէ, եւ հայկական զինուած ուժերն ալ, թէեւ պաշտօնապէս չի յայտարարուիր, կառուցուածքային առումով եւս բաղկացած է բանակէ եւ 5 զօրախումբէ։ Այդ յոխորտանքներուն վերաբերեալ Արծրուն Յովհաննիսեան նշած է. «20 տարի է՝ նոյն խօսքերն ենք լսում»: