ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ
Դուրսէն արձագանգը աւելի հզօր էր, քան՝ հայրենաբնակ հայուն ցուցաբերած ոգեւորութիւնը… Բաղրամեան պողոտայի երկայնքին հրդեհուած ցոյցերը անձամբ վկայելու առիթը ունեցած ըլլալով, ինչպէս նաեւ՝ մայրաքաղաքին մէջ տարբեր շերտերու մօտ տիրող ոգեւորութեան պակասը, ես ինծի թոյլատրեցի գրութեանս մուտքին այսպիսի լուրջ եզրայանգում մը կատարել:
Ոգեւորիչ էր Բաղրամեան պողոտային վրայ բարձրացող Գրողներու միութեան շէնքին դիմաց տեղի ունեցող հայ երիտասարդներու կազմակերպած հակակառավարական վերջին ցոյցերը, որոնք արտաքուստ ելեկտրականութեան սակի բարձրացումը ունէին որպէս անմիջական պատճառ ու թիրախ, սակայն տեղւոյն վրայ տիրող ոգեւորութենէն դատելով՝ ատկէ աւելին կը հետապնդէին: Ի տես տիրող ոգեւորութեան, պահ մը մտածեցի «թաքսի» մը նետուելով՝ երթալ ու տանը մանչուս գրադարանը պահ դրուած «Փտախտ» վէպիս երեք օրինակները շալկելով՝ գալ ու Բաղրամեանի ըմբոստներուն բաժնել, ու ներկայ թղթակիցներու աչքին մէջ նայելով՝ յայտնել այն բիրտ իրականութիւնը, թէ հայրենի ժողովուրդին համար գրուած կարեւոր այդ վէպը, զանազան հաշիւներէ մղուած, որեւէ գրախօսականի կամ ծանօթացումի չարժանացաւ՝ իրենց շուքէն վախցող հայրենի մեր մտաւորականութեան ու մամուլին կողմէ:
Եթէ մօտէն քննարկելու ըլլանք հայրենի մտաւորականութեան ու քաղաքական այրերու մօտ տիրող անտարբերութիւնը՝ չբացառելով երիտասարդական ցոյցերուն հանդէպ հայրենի ժողովուրդին այսպէս կոչուած՝ շեշտուած կրաւորականութիւնը, ապա առաջին ակնարկով պիտի կրենք այն տպաւորութիւնը, թէ տիրող «սիսթեմ»ին տակ ներմուծուած առօրեայ մորֆինէն զգայազիրկ ու անյոյս դարձած են անոնք, իրենց համար ամէն ցոյց ու ըմբոստութիւն փուճ պայքարի երեւոյթ ստացած է, ժամանակի վատնում ու եռանդի սպառում՝ իշխանութիւններուն դէմ, ելլելով այն իրողութենէն, որ եկողը բանով մը պիտի չտարբերէր մեկնողէն…
Սակայն եթէ քիչ մը խորանանք ներկայ հարցի բովանդակութեան մէջ ու նկատի առնենք քաղաքական վերլուծաբաններու լուրջ կարծիքը, ապա հայրենի ժողովուրդի զսպուածութեան պատճառները աւելի խոր արմատներ ու մտահոգութիւններ կ՛ընդգրկեն, քան՝ մակերեսային ներկայ պատճառները, եւ այդ իրողութիւնը իր յոռի հետեւանքը ունեցած է երրորդ հանրապետութեան սկիզբէն ի վեր իրերայաջորդ հայ ղեկավառութեան մտայնութեան ու գործունէութեան վրայ։
Վստահ ենք, կռահեցիք միտք բանին, թէ ինչի՞ կ՛ակնարկուի… ներկայ Հայաստանի մահացու թշնամիներով, իմա՝ թրքական ցեղերով շրջապատուած ըլլալու իրողութեան: Ցաւալի իրականութիւն մը, որ Հայաստանէն ներս խլրտումներն ու քաղաքական յեղաշրջումները խիստ վտանգաւոր կը դարձնէ, չըսելու համար՝ հայկական ողջ պետութեան ինքնասպանութիւն ու ճափոնական «հարաքիրի», եւ տակաւին որեւէ յեղաշրջում ու ներքին խլրտում թշնամիի արիւնոտ կրունկին տակ մեր նորանկախ երկիրը մասնահատելու պիտի ծառայեն:
Գերիրապաշտ այս սցենարին լոյսին տակ, իրերայաջորդ իշխանութիւններն ու անոնց լծակները՝ թալանող ըլլան անոնք թէ մեր արծուաբոյն Ղարաբաղը աճուրդի հանող, սփիւռքահայութիւնը կռնակէն հարուածող ըլլան թէ հայրենապաշտ կուսակցութեան մը նուիրեալ անդամները բանտերը արգելափակող, այո՛, այդ երանելիները, հայրենի ժողովուրդի զգաստութեան ու քաղաքական գիտակցութեան վրայ յենելով՝ դարձած են անզուսպ, դարձած են չափէն աւելի ինքնավստահ ու հասարակ ժողովուրդի տառապանքին անհաղորդ:
Սկեպտիկներն ու ամէն երեւոյթ «մաալեշ»ի (վնաս չունի-Խմբ.) կապողները պիտի առարկեն, թէ եղածը միայն եօթը դրամի չնչին գումարի յաւելում մըն է, եւ չ՛արժեր ատոր համար փողոց իջնելով ցոյցի դիմել: Սակայն հարցը եօթի կամ եօթանասունի չի վերաբերիր, այլ՝ հայրենի ժողովուրդի ուսին բերցուած աւելորդ այն բեռան կամ շիւղին, որ ուղտին մէջքը ծռեց…
Իրա՛ւ ալ հայաստանեան չափանիշով եօթը դրամը ոչինչ գումար է: Երեւանի հրապարակը մշտական կայք հաստատած մուրացիկի մը, օր մը սխալմամբ հարիւրի փոխարէն տասը դրամ նուիրեցի. նորին վսեմութեան արհեստավարժ պառաւը, քիչ մնաց երեսիս շպրտէր նուէրս ու զիս պախարակէր օտար «թուրիս»չներու ներկայութեան… Սակայն եկէ՛ք, տեսէ՛ք, որ հազիւ ծայրը ծայրին բերող ընտանիքի մը պիւտճէին վրայ ծանր պիտի նստի սպառուած ամէն քիլոուաթ հոսանքի համար աւելորդ եօթը դրամ գումարը: Եթէ Երեւանի «սիւփըրմարքե»չներէն մէկը մտնէք, պիտի սարսափիք գիներու սղութենէն, եւ այս մէկը՝ այնպիսի երկրի մը մէջ, ուր աշխատուժը այնքան առատ է ու մատչելի:
Ծիծաղելի գումարներով կարելի է համալսարանաւարտ մը աշխատցնել: Ոեւէ գործարարի համար գաղտնիք չէ, թէ ձեռնարկութեան մը ծախսերուն կարեւոր տոկոսը աշխատուժն է: Այդ պարագային՝ ինչո՞վ բացատրել աժան աշխատուժով յատկանշուող երկրի մը մէջ տիրող սղութիւնը եթէ ոչ՝ հոն արմատացած կեղեքիչի հոգեբանութեամբ ու չարաշահումի մոլուցքով։
Յետոյ, մեր սրտցաւ ղեկավառութիւնը կ՛ելլէ ու ծունկերը կը ծեծէ, թէ՝ հայրենի ժողովուրդը արտագաղթի ճամբան կը բռնէ՝ անդարձ կերպով: Եթէ անկողմնակալ գնահատական մը պիտի կատարենք եղածներուն, ապա մեր բոլոր դժբախտութիւններու պատասխանատուութիւնը կ՛իյնայ Տէր Պետրոսեանի ՀՀՇական իշխանութիւններուն վրայ… Կրկնութեան գնով պիտի աւելցնեմ. եթէ մեր առաջին նախագահը չմերժէր երկքաղաքացիութեան իրաւունք տալ սփիւռքահայութեան, հազարաւոր հայ գործարարներ կը պատրաստուէին հայրենիքի մէջ գործարաններ բանալու եւ երկիրը զարգացնելու:
Իսկ միւս կողմէ, մեր առաջարկած հրէական կամ իսրայէլեան «մօտել»ով՝ համահայկական համընկերութեան ու դրամատան մը գաղափարը եթէ նոյն իշխանութիւններուն կողմէ որդեգրուելով իրագործուէր, ներկայիս Հայաստան կը դառնար հինգ-վեց միլիոն հաշուող երկիր մը ու տարածաշրջանի ամէնէն բարգաւաճը:
Արուեստական խութեր յարուցուեցան ստեղծագործ սփիւռքահայ գործարարներու Հայաստան յառաջխաղացքին դէմ, որովհետեւ հայ ղեկավարութեան կողմէ աճուրդի պիտի հանուէին հայրենի բոլոր շահութաբեր ձեռնարկութիւնները, կամ ալ՝ քանի մը դահեկանով մաֆիոզներու պիտի յանձնուէին…
Իսկ հիմա, ահաւասիկ համը առէ՛ք… Ոեւէ սրտցաւ հայու համար Բաղրամեանի ցոյցերը անցեալի սխալներու յիշեցումն ու արտացոլումն են, չըսելու համար՝ անոնց հետեւանքը: Եւ մեր երբեմնի իշխանաւորներէն ոեւէ մէկը, հայ ժողովուրդին առջեւ ծունկի գալով ու աջ ձեռքը կուրծքին զարնելով՝ ցարդ «Mia Culpa» մը չըսաւ մահացու իր մեղքերուն թողութեան համար…
Ծանօթ.- ԱՄՆի մէջ ընտանիքի մը հոսանքին ամսական միջին սպառումը շուրջ 900 քիլոուաթ է, իսկ Երրորդ աշխարհին մէջ՝ շուրջ 300 ք.ու.։