ՄՈՍԿՈՒԱ.- «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա յայտարարած է, որ միջազգային ընտանիքը պիտի չխստացնէ Իրանի դէմ պատժամիջոցները եւ տեղի պիտի չտայ այդ նպատակով Քոնկրեսին բանեցուցած ճնշումներուն դիմաց: «Եւրոպայի եւ Ասիոյ մէջ մեր սերտ դաշնակիցները եւ մանաւանդ Չինաստանը կամ Ռուսիան, անկասկած չեն պատրաստուիր գոյութիւն ունեցող պատժամիջոցները խստացնելու յաւելեալ 5, 10, 15 տարիով՝ ենթարկուելով Քոնկրեսի թելադրանքին», նշած է Օպամա՝ Ուաշինկթընի Ամերիկեան համալսարանին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ: Օպամա ըսած է. «Անոնք, որոնք կ՛ըսեն, թէ մենք կրնանք պարզապէս հրաժարիլ այդ գործարքէն եւ պաշտպանել պատժամիջոցները, պարզապէս ցանկալին՝ իրականութեան տեղ կը փորձեն դնել»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.