ՀԱԼԷՊ, «Գանձասար».- Սուրիոյ ելեկտրականութեան, ջուրի եւ խորհրդարանի հարցերու պետական նախարարները Օգոստոս 6ին այցելեցին Հալէպ եւ հանդիպումներ ունեցան տեղւոյն պետական մարմիններուն հետ՝ շտապ եւ երկարաժամկէտ լուծումներ որոնելու Հալէպի ջուրի, ելեկտրականութեան հետ կապուած հարցերուն, ապահովելու համար բնակչութեան կենսական կարիքները: Ելեկտրականութեան նախարարը յայտնեց, թէ տուեալ մարզի պաշտօնէութեան զոհողութեան շնորհիւ Սուրիոյ աշխարհագրական զանազան տարածքներու վրայ ելեկտրականութիւնը տակաւին հասանելի կը մնայ, հակառակ զինեալ խմբաւորումներու խափանարար աշխատանքներուն: «Մինչ օրս տուեալ մարզի ծառայողներէն նահատակուած են 800 պաշտօնեաներ։ Հիմնական դժուարութիւնը վառելանիւթի պակասն է, ինչպէս նաեւ կարգ մը կայաններու ահաբեկչական խմբաւորումներուն գերիշխանութեան տակ ըլլալը», ըսաւ ան:
Ինչ կը վերաբերի Հալէպ քաղաքին, խնդիրը զինեալ խմբաւորումներուն կողմէ ելեկտրակայանի ու ելեկտրականութեան հայթայթման Զերպէյի կայանի գրաւումն է: Հակառակ այս դժուարութիւններուն՝ նախարարութիւնը Հալէպի մէջ այս տարի պիտի հաստատէ ելեկտրականութիւն հայթայթող 2 կեդրոն, որոնք պիտի բաւարարեն քաղաքի ելեկտրականութեան կարիքը:
Իր կարգին, ջուրի հարցերու նախարարը յայտնեց, որ ներկայ դրութեամբ Հալէպ քաղաքը կարիքը ունի 150 յաւելեալ ջրհորներու. նախարարութիւնը ամսական 20 ջրհոր փորել պիտի տայ, ինչպէս նաեւ նիւթապէս նեցուկ պիտի կանգնի Հալէպին՝ բաւարարելու բնակչութեան ջուրի պահանջը: Քուէյք գետին շուրջ պիտի զետեղուին 20 ջրազտման գործիքներ, իսկ օրական դրութեամբ 10,000 մեթր խորանարդ ջուր պիտի հասցուի ջուրի ընկերութիւն, ջրային ցանցի բանեցման համար: