Երախտագիտութիւնը աշխատանք մը գնահատելու, լաւապէս արժեւորելու կարեւոր միջոց մըն է, որ ոգեւորութիւն եւ աշխատանքի ուժ կը ներշնչէ ստացողին: Գեղեցիկ այս երեւոյթը լայն տեղ կը գրաւէ ՀՄԸՄի կեանքէն ներս, որուն հետեւանքով՝ մարզական եւ սկաուտական աշխատանքները կը գնահատուին իւրայատուկ ձեւերով. գնահատագիր, շքանշան, յաղթանակի բաժակ, մարզական դասակարգային բարձրացում, սկաուտական «պեճ»եր, կարգեր, աստիճաններ եւ պաշտօններ:
Նաւասարդեան մարզախաղերը եւ այդ առիթով կազմակերպուած ձեռնարկները եզակի երեւոյթ են շրջանի ՀՄԸՄի պատմութեան մէջ. անոնք քառասուն տարիներէ ի վեր անընդմէջ կ՛իրագործուին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու անկախութեան տօնին՝ Յուլիս ամսուան առաջին շաբաթավերջին: Լայնածաւալ այս նախաձեռնութիւնը արդիւնքն է շրջանի ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքի հարիւրաւոր կամաւորներու նուիրեալ աշխատանքին եւ զայն հովանաւորող պատուոյ նախագահներուն, որոնց նորագոյնը՝ ՀՄԸՄականներ Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեաններն էին:
Շրջանային վարչութիւնը նուիրեալ այս անդամները գնահատելու եւ իր երախտագիտութիւնը յայտնելու համար Նաւասարդեան մարզախաղերու յաջողութեան նպաստող բոլոր յանձնախումբերու անդամներուն եւ մասնաճիւղերու վարչութիւններուն, կազմակերպած էր երախտագիտական երեկոյ մը, որ տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 15 Յուլիս 2015ի երեկոյեան, Կլենտէյլի «Գարուսել» ճաշարանը, ուր հրաւիրուած էին նաեւ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամները, Նաւասարդեանի անցեալի եւ ներկայի պատուոյ նախագահներն ու «Տիպար ՀՄԸՄական»ները:
Հանդիսավարի պարտականութիւնը վստահուած էր Շրջանային վարչութեան անդամ Մարօ Քէշիշեանին, որ մէջ ընդ մէջ կատակներով, Նաւասարդեանի աշխատանքը գնահատելով, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄի առաքելութիւնը ընդգծելով՝ կրցաւ զուարթ մթնոլորտ մը ստեղծել սրահէն ներս:
Շրջանային վարչութեան անունով շնորհաւորական ելոյթ ունեցաւ ատենապետ Մանուէլ Մարսէլեան, որ ողջունելով ներկաները՝ շնորհաւորեց զանոնք եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց տրամադրած անսահման ու սիրայօժար աշխատանքներուն համար, որոնք մեծապէս նպաստած էին Նաւասարդեանի յաջողութեան: Ապա, ան բեմ հրաւիրեց ձեռնարկին ներկայ «Պըրմինկհեմ Չարթըր Հայ Սքուլ»ի պատասխանատուներէն Լիոնէլ Վիլարիլը եւ անոր յանձնեց երախտագիտական յուշատախտակ մը, առ ի գնահատանք վարժարանի տնօրէնութեան ցուցաբերած շարունակական զօրակցութեան՝ ի նպաստ երիտասարդութեան զարգացման, ամերիկահայ գաղութին հանդէպ անոր ցուցաբերած անձնուիրութեան ու վարժարանը ՀՄԸՄին տրամադրելուն:
Գոհունակութեան իր խօսքը ներկաներուն ուղղեց ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 40րդ մարզախաղերու պատուոյ նախագահ Վարանդ Մելքոնեան, որ առաջին հերթին շնորհաւորեց բոլոր ներկաներն ու այն անձնաւորութիւնները, որոնք կը ծառայեն ՀՄԸՄին եւ կը նպաստեն Նաւասարդեանի դժ-ուարին աշխատանքներու հեզասահ ընթացքին: «ՀՄԸՄը այն դպրոցն է, որ ոչ միայն երիտասարդութեան առողջ միջավայր մը կ՛ապահովէ, այլեւ կեանքի դժուարութիւնները յաղթահարելու կամքը կը զօրացնէ մեր մէջ: Ես հպարտ եմ այդ դպրոցով, ուր շատ բան սորված եմ», ըսաւ պատուոյ նախագահը:
Սրտի իրենց խօսքը փոխանցեցին նաեւ Նաւասարդեանի անցեալի պատուոյ նախագահներ Պետիկ Ֆերմանեան, Շանթ Հայթայեան եւ Վահագն Թովմասեան, ինչպէս նաեւ՝ «Տիպար ՀՄԸՄական»ներ Ժասիկ Ջառահեան, Ռուբիկ Գիւրջեան եւ Պերճ Ճամճեան:
Առիթ տրուեցաւ Նաւասարդեանի կազմակերպիչ եւ Շրջանային վարչութեան յանձնախումբերու պատասխանատուներուն փոխանցելու իրենց զգացումներն ու փորձառութիւնները, զորս վաստակած էին իրենց վստահուած պարտականութիւններուն ընդմէջէն: Յատուկ շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ Նաւասարդեանի պատասխանատու, Շրջանային վարչութեան փոխատենապետ Սագօ Կարապետեանին, որ լաւապէս ղեկավարեց Նաւասարդեանի բոլոր աշխտանքները, ինչպէս նաեւ՝ Գօգօ Պալեանին, որ պատասխանատուն էր Նաւասարդեանի Յաղթանակի շքեղ պարահանդէսին:
Ընթացքին ելոյթ ունեցան՝
Մարզական պատասխանատուներ Քուինթ Քեմնից եւ Սագօ Գատեհճեան
Ֆութպոլի ենթայանձնախումբէն՝ Ռաֆֆի Վարժապետեան,
Սկաուտականէն՝ Մերուժան Կիտցինեան,
Փակման Հանդիսութեան յանձնախումբէն՝ Վահագն Թովմասեան,
Փառատօնի յանձնախումբէն՝ Վահէ Օհաննէսեանի բացակայութեան՝ Ժիրայր Ղարախանեան,
Փառատօնի Գեղարուեստական բաժինէն՝ Սիւզի Օհանեան,
Քարոզչականէն՝ Մհեր Դաւիթեան,
Դաստիարակչականէն՝ Արամ Պեքարեան,
Մուտքի յանձնախումբէն՝ Թոմաս Տէօքմէճեան,
Նուագախումբի յանձնախումբէն՝ Փօլ Պաշգապագլեան,
Բանակավայրի յանձնախումբէն՝ Փօլ Տէրտէրեան։
Շրջանային վարչութիւնը, գնահատելով բոլոր ներկաները՝ իւրաքանչիւրին նուիրեց ՀՄԸՄի Շուշանածաղիկը եւ Նաւասարդեան 40րդ մարզախաղերը խորհրդանշող կրծքանշաններ:
Շնորհաւորական ելոյթ ունեցաւ Կեդր. վարչութեան անդամ Վիգէն Դաւիթեան, որ հպարտանքով ողջունեց ներկաները, գնահատեց անոնց ՀՄԸՄականի նուիրումը եւ խրախուսեց զանոնք՝ նոյն ոգիով շարունակելու իրենց պատասխանատուութիւնները, որպէսզի ՀՄԸՄի հոգածութեան յանձնուած սերունդները հայօրէն դաստիարակուին եւ նորանոր յաղթական Նաւասարդեաններ կազմակերպեն:
Ձեռնարկի վերջին բաժինով, օրուան հանդիսավարը շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն իրենց կամաւոր աշխատանքին համար, որոնց շնորհիւ ՀՄԸՄական երիտասարդութեան ապահով եւ ազգասէր երդիկ մը կ՛ապահովուի: Մարօ Քէշիշեան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՄԸՄի 39րդ պատուոյ նախագահ Պետիկ եւ Մարօ Ֆերմանեաններուն, որոնք իրենց յարատեւ օժանդակութեան կողքին նաեւ նուիրած էին ձեռնարկի խմիչքները. ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ «Գարուսել» ճաշարանի սեփականատէր Մայք Չոլաքեանին, որ Նաւասարդեան մարզախաղերու հովանաւորութեան առընթեր, առիթ կ՛ընծայէ ՀՄԸՄին՝ նման երախտագիտական երեկոներով հիւրընկալելու իր կամաւոր բանակը:
Յաջողութիւն, ուժ եւ կորով մաղթելէ ետք բոլորին, Մ. Քէշիշեան հրաւիրեց ներկաները երեկոն աւարտելու ՀՄԸՄի «Յառաջ Նահատակ» քայլերգի խմբերգումով:
Ներկաները, զիրար շնորհաւորելէ եւ գեղեցիկ յուշեր բաժնելէ ետք, գոհունակութեամբ մեկնեցան տուն՝ առաւել ամրապնդուած ՀՄԸՄի առաքելութեամբ: