ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- 23 Օգոստոսիին ՀՕՄի Արցախի միաւորը միօրեայ ծրագիր կազմակերպած էր Շուշիի եւ Ասկերանի ընկերային ծանր պայմաններու մէջ ապրող ընտանիքներու 60 երեխաներուն համար։
ՀՕՄի անդամները օրուան ընթացքին կազմակերպած են հաճելի խաղեր, ժամանց եւ ընդհանուր գիտելիքներու փոխանցում կատարած են։
Օրուան աւարտին պատանիները նուէր ստացած են։