ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».– Լեռնային Ղարաբաղի փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեանի նախագահութեամբ 24 Օգոստոսին տեղի ունեցած է Լեռնային Ղարաբաղի հռչակման 24րդ տարեդարձին նուիրուած տօնական նախաձեռնութիւններու կազմակերպման եւ համակարգման կառավարական յանձնաժողովի հերթական նիստը:
Այս նախաձեռնութիւններուն հետ առնչութիւն ունեցող գերատեսչութիւններու պատասխանատուներուն մասնակցութեամբ քննարկուած են տօնական ձեռնարկներու նախապատրաստութեան առնչուած հարցեր։
1-2 Սեպտեմբերին տարաբնոյթ նախաձեռնութիւններ պիտի կատարուին մայրաքաղաք Ստեփանակերտի եւ շրջաններուն մէջ: Հանրապետութեան բոլոր կրթական հաստատութիւններուն մէջ նոր ուսումնական տարուան առաջին դասը պիտի տրուի խաղաղութեան նիւթով՝ դասընթացքին կազմակերպման ներգրաւելով պետական պաշտօնեաներ, Արցախեան պատերազմի մասնակիցներ եւ պաշտպանութեան բանակի սպայական կազմի ներկայացուցիչներ: Ստեփանակերտի մէջ պիտի ներկայացուի Ճ. Վերտիի «Ռեքուիեմ» ստեղծագործութիւնը:
Սեպտեմբեր 2ին մայրաքաղաքի եւ շրջաններու փողոցներով պիտի անցնին զինուորական զօրասիւներ: Պիտի կազմակերպուին այցելութիւններ յուշահամալիր, պիտի կատարուի ծաղկեպսակի զետեղում, նաեւ այցելութիւն՝ զոհուած ազատամարտիկներու յիշատակին նուիրուած յուշարձաններ։
Շուշիի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Հայաստանի ազգային ագրարային համալսարան»ի Ստեփանակերտի մասնաճիւղի նոր շէնքի բացման արարողութիւնը: Տօնական նախաձեռնութիւնները պիտի աւարտին 2 Սեպտեմբերին, Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ՝ համերգով եւ հրավառութեամբ:
Նիստի աւարտին Արթուր Աղաբեկեան համապատասխան գերատեսչութիւններու ղեկավարներուն տուած է յանձնարարականներ՝ ձեռնարկները պատշաճ մակարդակով կազմակերպելու վերաբերեալ: