ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Սեպտեմբեր 11ին, երկար տարիներու դիւանագիտական յամառ ջանքերէ ետք, Հայաստանի Հանրապետութիւնը յաջողեցաւ հասնիլ բոլոր ցեղասպանութիւններու վերաբերեալ ընդհանուր բանաձեւի միաձայն ընդունման Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Ընդհանուր ժողովին կողմէ:
Հայաստանի եւ համահեղինակ 83 այլ պետութիւններու կողմէ ներկայացուած բանաձեւը Դեկտեմբեր 9ը կը հռչակէ որպէս «Ցեղասպանութեան յանցագործութեան զոհերու յիշատակի եւ արժանապատուութեան եւ այդ յանցագործութեան կանխարգիլման միջազգային օր»: Այդ օրը ընտրուեցաւ, քանի որ Դեկտեմբեր 9, 1948ին, Ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգիլման եւ պատիժի մասին ՄԱԿի համաձայնագիրի ընդունման օրն է:
Այսուհետեւ, իւրաքանչիւր Դեկտեմբեր 9ին, ՄԱԿը պիտի ոգեկոչէ եւ յարգէ բոլոր ցեղասպանութիւններու զոհերը: Թէեւ բանաձեւը չի նշեր որեւէ յստակ ցեղասպանութիւն, հայերէն կախեալ է երաշխաւորել, որ իրենց ցեղասպանութիւնը ընդգրկուած ըլլայ ՄԱԿի այդ օրուան պաշտօնական յիշատակութիւններուն մէջ: Ոչ ոք կը զարմանայ, եթէ թրքական կառավարութիւնը փորձէ խափանել նման հայկական ջանքեր…
Զաւեշտալի է, որ Թուրքիա ցեղասպանութեան բանաձեւի համահեղինակներէն մէկն էր՝ հաւանաբար վախնալով, որ ընդդիմանալը պիտի բացայայտէր անոր արմատացած մտատանջութիւնը ցեղասպանութեան թեմային վերաբերեալ: Հետեւաբար թուրք պաշտօնեաները իրենք զիրենք այնպէս պահեցին, կարծես թէ այս բանաձեւը կապ չունի հայերու, ասորիներու, յոյներու եւ քիւրտերու դէմ իրենց երկրի անցեալին եւ ներկայ ցեղասպանական ոճիրներուն հետ…
Այս բանաձեւի համահեղինակ 84 պետութիւններու շարքին էին՝ Միացեալ Նահանգները, Ռուսիան, Մեծն Բրիտանիան, Ֆրանսան, Գերմանիան, Հնդկաստանը, Ճափոնը եւ Իրանը: Հետաքրքրական է, որ Ատրպէյճանը եւ Ռուանտան անոր համահեղինակ չեղան: Ատրպէյճանը չցանկացաւ աջակցիլ Հայաստանի կողմէ առաջարկուած որեւէ բանաձեւի: Միւս կողմէ, Ռուանտան բանաձեւը աւելորդ համարեց, քանի որ ՄԱԿը Ապրիլ 7ը յայտարարած էր որպէս Ռուանտայի մէջ ցեղասպանութեան յիշատակի միջազգային օր: Ի տարբերութիւն Ռուանտայի՝ Իսրայէլ այս բանաձեւին համահեղինակ է, հակառակ անոր, որ ՄԱԿը Յունուար 27ը արդէն հաստատած է որպէս Հոլոքոսթի զոհերու յիշատակի միջազգային օր:
«Պատասխանատուութիւն պաշտ-պանութեան համար համաշխարհային կեդրոն»ը (The Global Centre for the Responsibility to Protect) անցեալ Ուրբաթ հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ՝ բարձր գնահատելով ՄԱԿի բանաձեւի ընդունումը եւ թուարկելով «նախորդ դարու ամենասոսկալի ոճիրներու կարեւոր տարելիցները», ներառեալ՝ «Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակը, Աշուիցի (Auschwitz) ազատագրման 70ամեակը, Քամպոտիոյ Կարմիր խմերներու սպանդի 40ամ-եակը, եւ Ռուանտայի, Սրեպրենիցայի, Պոսնիա եւ Հերցեկովինայի ցեղասպանութիւններուն 20ամեակը»:
ՄԱԿի մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչ, դեսպան Զոհրապ Մնացականեան առաջարկուող բանաձեւը Սեպտեմբեր 11ին Ընդհանուր ժողովին ներկայացնելու ընթացքին խօսեցաւ իր «պարտքի զգացումին» մասին: Յարգանքի տուրք մատուցանելով Ռաֆայէլ Լեմքինի, որ ստեղծած էր ցեղասպանութիւն եզրը, դեսպանը ըսաւ. «Միջազգային օրը կը վերականգնէ անցեալին անտարբերութեան մատնուած զոհերու արժանապատուութիւնը: Միլիոնաւոր մարդոց կեանքի անձեռնմխելիութեան ժխտումը ծայրագոյն անարդարութիւն է: Ժխտողականութիւնը կը խոցէ ցեղասպանութիւնը վերապրածներու սերունդները: Մենք կը խօսինք մեր փորձէն մեկնած»:
Ցեղասպանութեան մէկ այլ շրջադարձային տարեթիւ, որ մոռացութեան մատնուած է միջազգային հանրութեան եւ հայ ժողովուրդին կողմէ՝ ՄԱԿի խտրականութեան կանխարգիլման եւ փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան ենթայանձնաժողովին կողմէ ընդունուած զեկոյցի 30ամեակն է: «Վերանայուած եւ նորացուած զեկոյց՝ ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգիլման եւ պատժման հարցին վերաբերեալ» խորագիրը կրող պատմական փաստաթուղթը մշակուած էր բրիտանացի զեկուցող Պենճըմըն Ուիթեքըրի կողմէ: Յատկանշական է, որ դեսպան Մնացականեան՝ ցեղասպանութեան բանաձեւը ՄԱԿին ներկայացնելու ընթացքին իր ելոյթին մէջ երկու անգամ անդրադարձ կատարեց այս զեկոյցին:
Ուիթեքըր իր զեկոյցի 24րդ պարբերութեան մէջ մէջբերած է 20րդ դարուն տեղի ունեցած ցեղասպանութիւններու քանի մը դէպքեր՝ յատուկ տեղ յատկացնելով Հայոց Ցեղասպանութեան: Բացի այդ, 13րդ տողատակին Ուիթեքըր աւելցուցած է. «Անկախ հեղինակութիւններու եւ ականատեսներու ստոյգ գնահատումէն՝ առնուազն 1 միլիոն մարդ, եւ հնարաւոր է հայ բնակչութեան կէսէն աւելին կը համարուի սպաննուած կամ մահուան երթի դատապարտուած: Ասիկա հիմնաւորուած է Միացեալ Նահանգներու, Գերմանիոյ եւ Մեծն Բրիտանիոյ, ինչպէս նաեւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ ժամանակակից դիւանագէտներու, ներառեալ դաշնակից Գերմանիոյ արխիւներուն մէջ գտնուող զեկոյցներուն մէջ: Գերմանիոյ դեսպան Վանկենհայմ, օրինակ, 1915 Յուլիս 7ին գրած է. «Կառավարութիւնը [թրքական], իրօք նպատակ կը հետապնդէ բնաջնջել հայ ցեղը Օսմանեան կայսրութեան մէջ» (Վանկենհայմի արխիւ):
Ցաւօք, Ուիթեքըր անցեալ տարի մահացաւ: Սակայն ողջ են ՄԱԿի ենթայանձնաժողովի միւս երեք նախկին անդամները՝ Էրիքա Տայես (յոյն), Լէանտրօ Տեսփույս (արժանթինցի) եւ Լուի Ժուանէ (ֆրանսացի), որոնք Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակման անխոնջ ջատագովներ էին Ուիթեքըրի զեկոյցին մէջ, որ ընդունուեցաւ 1985ի Օգոստոս 29ին, ձայներու 14 թեր, 1 դէմ յարաբերակցութեամբ: 2015ի Դեկտեմբեր 9ին մարդու իրաւունքներու երեք պաշտպանները պէտք է հրաւիրել ՄԱԿ՝ նշելու Ուիթեքըրի զեկոյցին 30ամեակը եւ ճանչնալու անոր եզակի աւանդը ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգիլման եւ պատժման գործին մէջ…
Դեսպան Մնացականեան, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւ Հայաստանի կառավարութիւնը արժանի են յատուկ գնահատանքի՝ ՄԱԿի մէջ ցեղասպանութեան կանխարգիլման վերաբերեալ իրենց արդիւնաւէտ դերակատարութեան համար:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
«Եռագոյն» կայքը