ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- «Ասպարէզ»ի Սան Ֆրանսիսքոյի թղթակից Նուպար Տէմիրճեան կը տեղեկացնէ, որ անցեալ Շաբաթ օր, Նոյեմբեր 7ին, Սան Ֆրանսիսքոյի հայկական ամէնօրեայ վարժարանի՝ «Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական»ի հիմնադրութեան 35ամեակին առթիւ կազմակերպուած ճաշկերոյթին ընթացքին, Զարեհ եւ Լուսիկ Մսրլեանները 260,000 տոլար նուիրեցին դպրոցին:
Զարեհ եւ Լուսիկ Մսրլեանները անցեալ տարի 250,000 տոլարի իշխանական նուիրատուութիւն մը կատարած էին Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական վարժարանին: