Ըստ «Թերթ»ի՝ «Նիւ Եորք Թայմզ»ը կը նշէ, որ Իլինոյի համալսարանի գիտնական Նայիրա Յովակիմեան վստահ է, որ յառաջիկայ 10-20 տարիներուն ընթացքին տնային օգտագործման համար նախատեսուած փոքրիկ անօդաչու թռչող սարքերը պիտի ըլլան հիւանդ ու տարեց մարդոց համար անփոխարինելի օգնականներ:
Ներկայիս, Յովակիմեան համալսարանին մէջ կը հնարէ եւ կը փորձարկէ այնպիսի անօդաչուներ, որոնք կրնան ապահով ու առանց որեւէ դժուարութեան պարզ յանձնարարութիւններ կատարել: Օրինակ՝ անոնք կրնան միւս սենեակէն բերել դեղի սրուակը, սեղանի կամ բազկաթոռի տակ ինկած իրը գտնել ու բարձրացնել զայն եւ այլն:
«Վստահ եմ, որ նման անօդաչուները 10-20 տարի անց պիտի դառնան «սմարթֆոն»ներու պէս սովորական ու տարածուած բան մը», ըսած է Յովակիմեան:
Աղբիւրը կը մանրամասնէ, որ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները 1.5 միլիոն տոլար տրամադրած են Իլինոյի համալսարանին՝ տուեալ նախագիծը զարգացնելու ու փորձարկելու համար: