Շաբաթ, 28 Նոյեմբերին տեղի ունեցաւ Պարսելոնայի մէջ գործող Հայ տան նոր տարածքի վերաբացման արարողութիւնը մասնակցութեամբ Սասուն Ծ. վրդ. Զմրուխտեանի եւ ներկայութեամբ պարսելոնահայերու:
Աղ ու հացի օրհնութենէն ետք, հայր Սասուն շնորհաւորեց Պարսելոնայի Հայկական մշակութային միութիւնը: Իր խօսքին մէջ ան նշեց. «Սիրելի Պարսելոնայի Հայկական մշակութային միութեան վարչականներ, անդամներ, հիւրեր եւ հայրենակիցներ: Այսօր մենք պաշտօնապէս բացումը կատարեցինք եւ օրհնեցինք այս մշակութային տունը իբրեւ «Հայ տուն», որպէսզի անիկա ծառայէ մեր բոլոր հայերուս համար իբրեւ մեր հարազատ տունը, ուր պիտի ըլլայ սէր, միասնութիւն, համերաշխութիւն եւ համագործակցութեան ոգի՝ ի փառս Պարսելոնայի մեր մեծ հայ համայնքին, մեր ազգային մշակոյթին եւ արժէքներուն»:
Այս նախաձեռնութեան առիթով, Պարսելոնայի Հայկական մշակութային միութիւնը շնորհաւորական նամակ ստացած էր Սպանիոյ մօտ ՀՀ դեսպան Աւետ Ադոնցէն եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան կողմէ:
Միութեան խօսքը փոխանցեց Տաթեւ Սուլեան, որ իր ելոյթին մէջ նշեց. «Հին եւ նոր Սփիւռքի մէջ գործող հայկական ակումբներու շղթային մաս կազմելով Հայ տունը պիտի նպաստէ հայպահպանման, հայեցի կրթութեան, հայ երիտասարդներուն գիտելիքներ ջամբելու եւ հայ ծնողներն ու տարեցները ի մի խմբելու սրբազան եւ սկզբունքային առաքելութեան: Հայ տան եւ ակումբներու կարգախօսն է՝ ընդելուզուիլ, բայց չձուլուիլ: Վերաբանալով Հայ տան դռները՝ մենք մեր ուսերուն վրայ պատասխանատուութիւն կը դնենք աւելիով հարստացնելու հայկական, մշակութային, դաստիարակչական, ուսուցողական, մարզական եւ ընկերային կեանքը»:
Պաշտօնական յայտագիրէն ետք տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր եւ հիւրասիրութիւն:
Պարսելոնայի Հայկական մշակութային միութիւնը 2010 թուականին, համագործակցելով Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան հետ Պարսելոնայի մէջ ստեղծած է Հայ տունը: Սփիւռքի մէջ գործող այլ կեդրոններու նման, Հայ տունը կը ծառայէ հայապահպանման եւ հայեցի դաստիարակութեան: Հայ տան մէջ կը կազմակերպուին նաեւ համայնքային ձեռնարկներ ու զանազան հանդիպումներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.