ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա հետաքրքրական հարցում մը ուղղած է Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանին՝ ըսելով. «Ինչպէս յայտնի է, Ռուսիա միջոցներու կը դիմէ, որպէսզի երկիրներ դադրեցնեն ահաբեկիչներէն քարիւղ գնելու գործողութիւնը։ Կարճ ժամանակ առաջ, Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան ըսած էր, թէ ինք այս պաշտօնէն կը հրաժարի, եթէ փաստուի, որ Թուրքիա «Իսլամական պետութեան» զինեալներէն քարիւղ կը գնէ։ Հիմա որ փաստուած է, թէ Թուրքիա քարիւղ գնած է անոնցմէ, կը յիշեցնեմ Էրտողանի յայտարարութիւնը ու հարց կու տամ. «Արդեօք Էրտողան պատրա՞ստ է հրաժարելու»։