ԵՐԵՒԱՆ, «Փան Արմինիըն».- Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան Յունուար 5ին ընդունած է ֆրանսական «Ռիլիս» ընկերութեան նախագահ Ռէմի Մաքինաճեանը:
Զրուցակիցները քննարկած են քաղաքաշինական՝ բնակելի շէնքերու կառուցման եւ սպասարկման ենթակառուցուածքներու զարգացման ներդրումային ծրագիրներ: Վարչապետը ողջունած է ֆրանսական ընկերութեան նախագահին ծրագիրներն ու նախաձեռնութիւնները՝ հաստատելով, որ կառավարութեան անպայման պիտի աջակցի, որ անոնք կեանքի կոչուին: