ԵՐԵՒԱՆ.– 22 Դեկտեմբերին տեղի ունեցած է Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահութեան տարեմուտի նիստը: Միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան ներկայացուցած է միութեան 2015ի գործունէութեան ամփոփ հաշուետուութիւնը՝ նշելով, որ իրականացուած է այն, ինչը ծրագրուած էր։
Նախորդ տարուան ընթացքին կատարուած են աւանդական աշխատանքները՝ գիրք նուիրելու օր, մանկապատանեկան գիրքի շաբաթ, սայաթնովեան Վարդատօն եւ այլն, կազմակերպուած է շուրջ հարիւր նախաձեռնութիւն՝ յոբելեաններ, շնորհահանդէսներ, քննարկում-բանավէճեր, տօնահանդէսներ, յիշատակումներ, հանդիպումներ արտասահմանեան եւ Սփիւռքի գրողներու հետ: Գրողները մասնակցած են Հայաստանէն դուրս կազմակերպուած գրական փառատօներուն, մասնաւորաբար Գերմանիոյ, Պուլկարիոյ, Աւստրիոյ եւ Վրաստանի մէջ: Էդ. Միլիտոնեան կարեւոր նկատած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով կատարուած աշխատանքը, որ, ըստ նախապէս մշակուած ծրագիրին, գործադրուած է ամբողջութեամբ եւ բարձր մակարդակով:
Միութեան նախագահը անդրադարձած է նաեւ պաշտպանութեան նախարարութեան հետ կազմակերպուած նախաձեռնութիւններուն՝ Հայկական բանակին նուիրուած ստեղծագործութիւններու մրցանակաբաշխութիւն, գրողներու հանդիպումներ զօրամասերուն մէջ եւ այլն: Արդիւնաւէտ եղած է մարզերու գրական բաժանմունքներուն հետ տարուող աշխատանքը: Պետական պատուէրով եւ պետական աջակցութեամբ հրատարակուած է շուրջ 50 գիրքեր: Քանի մը տասնեակ գրողներ արժանացած են տարբեր գերատեսչութիւններու եւ կազմակերպութիւններու մրցանակներուն եւ շնորհակալագիրներուն, իսկ քանի մը հատն ալ՝ արտերկրի մրցանակներու։ Այնուհետեւ Էդ. Միլիտոնեան համառօտակի անդրադարձած է յառաջիկայ տարուան ծրագիրներուն եւ նախաձեռնութիւններուն։
Գրողներու միութեան նախագահութիւնը գաղտնի քուէարկութեամբ ընտրած է 2015ի մրցանակակիր ստեղծագործութիւնները:
Նոյն օրը տեղի ունեցած է միութեան վարչութեան տարեվերջի նիստը, որ ամփոփած է Գրողներու միութեան տարեկան գործունէութիւնը: Վարչութեան անդամները մասնակիօրէն ներկայացուցած են նաեւ գալիք՝ 2016ի ծրագիրները: Կատարուած են քննարկումներ, ներկայացուած են առաջարկներ, ապա վարչութիւնը տուած է 2015ի գործունէութեան գնահատականը։
Էդուարդ Միլիտունեան շնորհաւորած է Հայաստանի Գրողներու միութեան գրական ընտանիքը՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ եւ մաղթած է առողջութիւն, երջանկութիւն եւ ստեղծագործական նորանոր յաջողութիւններ: