Ուրբաթ, 11 Դեկտեմբերին, Քուէյթի դաշնակցական ընտանիքը եւ անոր համակիրները նշեցին ՀՅԴ 125ամեակը՝ ներկայութեամբ Քուէյթի եւ շրջակայից թեմի առաջնորդ Մասիս Ծ. վրդ. Զօպույեանի, Քուէյթի մօտ Հայաստանի դեսպան Ֆատէյ Չարչօղլեանի, ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներու եւ համակիրներու հոծ բազմութեան: Օրուան կարգախօսն էր՝ «Ժողովուրդիս հետ, հայրենիքիս համար»:
ՀՅԴ Քուէյթի պատասխանատու կազմին խօսքը փոխանցեց Յակոբ Պետիրեան: Խօսելով դաշնակցականի կերպարին մասին՝ ան ըսաւ. «Ի պահանջեալ հարկին, կեանքի գնով իսկ ծառայելու հայրենիքին: Ահա այս մեկնաբանութեան մէջ ամփոփուած ու կերտուած է դաշնակցականի կերպարն ու ինքնութիւնը: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը հայ ազգին տուած է գաղափարաբանութիւն մը՝ հայրենիքի եւ ազատութեան գաղափարաբանութիւնը: Անոր իրագործման համար շարժման մէջ դրած է իր միտքն ու բազուկը»։
Օրուան բանախօսն էր Լիբանանէն հրաւիրուած Մելիք Գարագաւորեան, որ ներկայացուց ՀՅ Դաշնակցութեան առաքելութեան ուղին: «ՀՅ Դաշնակցութիւնը 125 տարի հայկական իրականութեան մէջ հանդիսացաւ այն կուսակցութիւնը, որ համահայկական խնդիրներու ամէնէն ծանր բեռը միշտ ալ ինքն իր վրայ վերցուց, երբ ուրիշներ զբաղած էին ձեռնածութեամբ եւ մտավարժանքներով: Դաշնակցութեան համար Հայ Դատի պայքարին մէջ առանցքային նշանակութիւն եւ կարեւորութիւն ունի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը: Դաշնակցութիւնը անհրաժեշտ կը նկատէ այսօր, մեկնելով շրջանային անորոշութենէն, Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ ռազմաքաղաքական դաշինքի մը կնքումը նախ եւ առաջ իբրեւ անվտանգութեան երաշխիք, երկրորդ՝ նաեւ իբրեւ պատգամ միջազգային հանրութեան եւ ամէնէն կարեւորը իբրեւ յստակ կեցուածք թուրք-ատրպէյճանական ռազմատենչ նկրտումներուն եւ զինադադարի յաճախակի խախտումներով խափանարարական գործողութիւններուն: Դաշնակցութիւնը անյետաձգելի եւ անխուսափելի կը գտնէ Արցախի հարցի լուծման բանակցային գործընթացին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան լիիրաւ մասնակցութիւնը՝ իբրեւ հակամարտող համահաւասար կողմ», յայտնեց ան:
Իր հայրական պատգամը փոխանցեց Մասիս Ծ. վրդ. Զօպույեան՝ վեր առնելով Դաշնակցութեան դերը հայրենիքի մէջ եւ Սփիւռքի տարածքին: Ան եզրակացնելով՝ ըսաւ. «ՀՅ Դաշնակցութիւնը 125 տարի պայքարեցաւ ու պիտի շարունակէ պայքարիլ հայ ժողովուրդին՝ ապահովելու ազատ եւ բարօր կեանք»:
Գեղարուեստական յայտագիրով հարուստ օրուան հաւաքը աւարտեցաւ «Արիւնոտ դրօշ» երգով: