ՄԻՇԸՆ ՀԻԼԶ.- Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առթիւ, Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 10ին, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան հոգեւորականներէ բաղկացած պատուիրակութեամբ մը այցելեց Միշըն Հիլզի տարեցներու «Արարատ տուն»ը՝ դիմաւորուելով անձնակազմի անդամներուն եւ խնամակալ մարմինի անդամներուն կողմէ: Պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ հաստատութեան հիւանդանոցային բաժինը:
Սրբազանը իր հիացումը յայտնեց կատարուող բծախնդիր ծառայութիւններուն եւ հոգածութեան համար եւ ուրախութիւն յայտնեց, որ անգամ մը եւս առիթ կ՛ունենար այցելելու «Արարատ տուն», իր օրհնութիւնները բաշխելու համար:
Հոգեւորականները զրուցեցին տարեցներուն հետ եւ աղօթեցին անոնց առողջութեան համար: Տարեցներուն, անձնակազմի անդամներուն եւ խնամակալ մարմինի անդամներուն բաժնուեցաւ առաջնորդարանին կողմէ վերջերս հրատարակուած գրքոյկներէն օրինակներ:
Տարեցները ուրախութեամբ ողջունեցին Մեսրոպեան Ազգային վարժարանի աշակերտները, որոնք իրենց երգերով եւ պարերով հոգեկան հրճուանք պատճառեցին բոլորին:
Սրբազանը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց վարժարանի տնօրէն Տէյվիտ Ղուկասեանին, որ գեղեցիկ գաղափարը յղացած էր համայնքի տարեցներուն եւ երիտասարդութեան միջեւ զօրացնելու սերտ յարաբերութիւնը: Սրբազանը աղօթագրքոյկ եւ փոքրիկ խաչեր նուիրեց իւրաքանչիւր աշակերտի։