ԷՆՍԻՆՕ.- Հայ եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն՝ Շաբաթ, Դեկտեմբեր 26ը տօնն էր քրիստոնէութեան առաջին նահատակ Ս. Ստեփանոս սարկաւագին: Այս տօնը կը նշուի յատուկ արարողութեամբ մը, որովհետեւ անիկա տօնն է նաեւ եկեղեցւոյ ծառայող սարկաւագներուն:
Այս տօնին առիթով, Կիրակի, Դեկտեմբեր 27ին, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ Ս. պատարագին եւ ուղղեց Ս. Ստեփանոսի նահատակութեան խորհուրդն ու նախավկային արժանիքները վեր առնող պատգամ մը: Պատարագը մատուցեց եկեղեցւոյ հովիւ Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան: Ներկայ էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան երէց անդամներէն Եփրեմ արք. Թապագեան եւ Ազգ. վարչութեան փոխատենապետ դոկտ. Տիգրան Պապիկեան:
Նախքան քարոզի պահը, Ս. Ստեփանոսի յիշատակը նշուեցաւ «Ստեփանոս, Քաղցրիկ Տատրակ» շարականի երգեցողութեամբ, մինչ սարկաւագներն ու ուրարակիրները խորան բարձրացան՝ մոմերը ի ձեռին, եւ ստացան առաջնորդ սրբազանի օրհնութիւնն ու բարի մաղթանքները:
Իր պատգամին մէջ առաջնորդը կանգ առաւ սարկաւագներու առաքելութեան ու ծառայական կեանքին վրայ՝ ընդգծելով, որ Ս. Ստեփանոս օրինակելի տիպար կը հանդիսանայ բոլոր քրիստոնեաներուն ու մասնաւորաբար եկեղեցւոյ ծառայողներուն: Ան զոհողութեան ու յանձնառութեան մարմնացում մըն էր, եւ հաւատարիմ ծառան՝ Աստուծոյ խօսքին: Աստուած անոր շնորհած էր իմաստութիւն, զոր ան ի սպաս դրած էր աստուածագիտութեան մէջ գիտելիքներու խորացման: «Ան քաջ վկայ մըն էր քրիստոնէական հաւատքին, եւ իր կեանքը զոհաբերեց հաւատքի պաշտպանութեան համար: Հետեւաբար, մեր եկեղեցիներուն այսօրուան ծառայողներն ալ պարտին հետեւիլ անոր օրինակին, հետամուտ ըլլալ Աստուածաշունչի գիտելիքներուն, եւ աւելին՝ զայն իւրացնել ու կիրարկել իրենց կեանքերուն մէջ», ըսաւ սրբազանը: Անդրադառնալով օրուան Աւետարանի ընթերցումէն բխող պատգամին՝ առաջնորդը նաեւ շեշտեց հաւատարմութեամբ ծառայելու կարեւորութիւնը։
Յաւարտ Ս. պատարագի, առաջնորդը նախագահեց հոգեհանգստեան արարողութեան: Յատուկ աղօթք բարձրացուեցաւ ազգային բարերար Յարութ Պարսամեանի հոգւոյն համար, անոր մահուան քառասունքին առիթով: Սրբազանը անդրադարձաւ Յ. Պարսամեանի կեանքի վաստակին, որմէ հանգուցեալը առատօրէն բաժին հանած էր Ազգ. առաջնորդարանին, Օրենճ Քաունթիի ծխական համայնքին եւ կրթական հաստատութեանց: Ան ցաւակցութեան խօսք ուղղեց հանգուցեալի հարազատներուն՝ նշելով, որ Յարութ Պարսամեան միշտ պիտի յիշուի իբրեւ նուիրեալ ու նուիրաբերող օրինակելի հայորդի: