ՊԸՐՊԵՆՔ.- Շաբաթ, Դեկտեմբեր 12ին, Եդեմի Ս. Աստուածածին Հայց. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Զաւէն քհնյ. Մարկոսեան եւ Ծխական խորհուրդը առաջնորդարանին մէջ խորհրդակցական հանդիպում մը ունեցան առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հետ:
Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Կլենտէյլի Ս. Պետրոս Հայց. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վազգէն քհնյ. Մովսէսեան: Տէր հայրը խօսեցաւ վանական կեանքին մասին եւ անդրադարձաւ Եդեմի Ս. Աստուածածին Հայց. եկեղեցին վանքի վերածելու կարելիութեան՝ նկատի ունենալով անոր պատմութիւնը, վայրը եւ հայկական ոճով կառոյցը, որ հրապուրիչ է այցելուներուն համար եւ կը ստեղծէ վանական մթնոլորտ: Ան իր ներկայացումը կատարեց սահիկներու ցուցադրութեամբ:
Ներկայացումէն ետք տեղի ունեցաւ շինիչ խորհրդակցութիւն մը: Սրբազանը շեշտեց, որ վանքի ծրագիրը պիտի վերակենդանացնէ համայնքը, եւ միեւնոյն ատեն, անիկա պիտի դառնայ հոգեւոր կեդրոն մը թեմին համար: Ան շեշտեց նաեւ, որ այս նպատակին յաջողութեան համար անհրաժեշտ է լուրջ ծրագրում:
Ծուխի տարեկան անդամական յաջորդ ժողովը պիտի գումարուի Փետրուարին եւ ընթացքին Ծխական խորհուրդը յատուկ ներկայացում մը պիտի կատարէ եկեղեցին վանքի վերածելու մասին: