ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».- Յունուար 9ի գիշերը, ատրպէյճանական կողմէն արձակուած կրակոցին իբրեւ հետեւանք զոհուած էր պաշտպանական բանակի զինուոր Արամայիս Ոսկանեան (ծնեալ 1996ին, Գաւառ):
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը յայտնած է, որ Յունուար 11ին Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան ստորագրած է հրամանագիր մը, որուն համաձայն, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պետական սահմանը պաշտպանելու ընթացքին ցուցաբերած արիութեան համար պաշտպանութեան բանակի N զօրամասի շարքային Արամայիս Ոսկանեան յետ մահու պարգեւատրուած է «Մարտական ծառայութիւն» մետալով:
11 Յունուարին Գեղարքունիքի մարզի Գաւառ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է 19ամեայ Արամայիս Ոսկանեանի հոգեհանգիստը, որուն ներկայ եղած է պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, որ նահատակ զինուորի ընտանիքին յանձնած է «Մարտական ծառայութիւն» մետալը:
Նշենք, որ Արամայիս Ոսկանեան տան միակ որդին էր, ունէր 3 քոյրեր: Ան կ՛ուսանէր Հայաստանի պետական ագրարային համալսարանին մէջ:
How long can Artsakh and Armenia afford losing precious young Armenian men and women to Azeri gun fire or turkish political and economic manipulations?