ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի մէջ տեղակայուած ռուսական ռազմակայանի սպառազինութիւնը օժտուած է ռուսական արտադրութեան անօդաչու թռչող սարքերով:
Զինուորականները մէկ ամսուան ընթացքին նոր անօդաչուներուն պիտի սորվեցնեն կառավարել Կամխուդ եւ Ալագեազ բարձր լեռնային զինուորական փորձարաններուն մէջ:
«Տախիոն» անօդաչուն նախատեսուած է ցերեկ եւ գիշեր մինչեւ 40 քիլոմեթր հեռաւորութեամբ հետախուզում կատարելու համար: Անօդաչուներուն վրայ կարելի է տեղադրել նկարչական տարբեր տեսակի սարքեր։ Անոր կշիռքը մօտաւորապէս 25 քիլոկրամ է, թռիչքին տեւողութիւնը՝ մինչեւ վեց ժամ: