ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Թէեւ ամերիկահայերը ուշի ուշով կը հետեւին Թուրքիոյ եւ անոր լոպիիստական ընկերութիւններու չարամիտ ջանքերուն, սակայն հազուադէպօրէն ուշադրութիւն կը դարձնեն փոքրաթիւ ամերիկացի թուրքերու վրայ, որոնք կամ Թուրքիոյ կառավարութենէն վճարուելով, կամ ալ կուրօրէն՝ թիւր հայրենասիրական զգացումներէ մեկնած, քարոզչական գործունէութիւն կը ծաւալեն…
Նման ամերիկացի թուրքերէն մէկն է Օյայ Պէյն, որ թրքական ժխտողական HistoryofTruth.com կայքով վերջերս հրապարակուած հարցազրոյցի մը մէջ կը ներկայացուի իբրեւ «Ամերիկայի թրքական սփիւռքի շատ աշխոյժ անուններէն մէկը»: Ան Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող թրքալեզու 60 միութիւններու համախմբման մէջ թուրք-ամերիկեան ընկերակցութիւններու համագումարի (ATAA) խորհուրդի անդամ է:
Պէյն կը պնդէ, որ ATAA-ի երկար տարիներու ջանքերէն ետք Ամերիկայի ամբողջ տարածքին կազմակերպելով «դասախօսութիւններ, համաժողովներ եւ ծրագրեր հայկական սուտ պնդումներուն մասին, վերջապէս այս ծրագրերը՝ իրենց յաճախականութեամբ եւ թափով, 2015 թուականին (Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակ) հասան իրենց գագաթնակէտին»: Ան կ՛աւելցնէ, որ «զգալիօրէն աճած է թիւը լուրջ մտաւորականներու եւ ակադեմականներու, որոնք անաչառօրէն կ՛ուսումնասիրեն օսմանեան ժամանակաշրջանը Ա. Համաշխարհային պատերազմին ընթացքին եւ կը հրապարակեն իրենց եզրակացութիւնները՝ առանց նախորդ տարիներու հայկական սպառնալիքներու եւ ահաբեկման»:
Հետաքրքրական է, որ Պէյն կ՛օգտագործէ «մենք ունինք լուրջ մտաւորականներ» բանաձեւը, երբ կը թուէ Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ ժխտողական կեցուածք ցուցաբերող գրողներու անունները, ինչպէս՝ Էտ Էրիքսըն, Մայքըլ Կունթըր, Կիւնթեր Լուի, Թալ Պուէնոս, Ճերըմի Սալթ, Նորմըն Սթաուն, Քրիսթըֆըր Կան, Մաքսիմ Կոյին եւ Փեթ Ուալշ: Արդեօք ճիշդ ի՞նչ նկատի ունէր Պէյն՝ ըսելով, թէ «մենք ունինք» զանոնք: Այս արտայայտութիւնը անշուշտ «մահացու հարուած» մըն է ինքզինք յարգող ոեւէ մտաւորականի համար…
Պատասխանելով Ուաշինկթընի հայերու եւ թուրքերու միջեւ յարաբերութիւններուն վերաբերեալ հարցումին, Պէյն, առիթէն օգտուելով, կը յարձակի Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին վրայ. «Այո, մենք բարեկամներ ունինք հայկական համայնքին մէջ: Թուրքիոյ հայերը ջերմ են, ընկերական եւ կը սիրեն մեզ: Սակայն մենք կը բախինք Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին պէս կառոյցի մը, որ անդրդուելիօրէն թշնամական եւ բացասական կազմակերպութիւն մըն է, նաեւ նախապաշարումներու, չափազանցութիւններու եւ բացայայտ կեղծիքներու լրատուական միջոցներու մէջ, քաղաքական թէ գիտական շրջանակներու մօտ»: Պէյնին նաեւ հաճելի չեն թուիր իմ շաբաթական յօդուածներս. «Տակաւին վերջերս, ծայրայեղական գրող Յարութ Սասունեանի 20 Հոկտեմբեր 2015 թուականի յօդուածը վերնագրուած էր «Ցեղասպանութեան Ժխտումը Արգիլելու Համար Եւրոպական Դատարանը Հայերը Կը Մղէ Բռնութեան»:
Փակելով իր աչքերը Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ ամէն տարի ծախսուող միլիոնաւոր տոլարներուն վրայ՝ քաղաքական գործիչներ, լրագրողներ եւ հեղինակներ, այսպէս ըսած «մտաւորականներ» շահագործելու համար, Պէյն չափազանցուած չափերու կը հասցնէ Հայ Դատի յանձնախումբի եւ Հայկական Համագումարի չնչին միջոցները, զանոնք անճշդօրէն նկարագրելով իբրեւ «լաւ ֆինանսաւորուած, շքեղ գրասենեակներ եւ մեծ աշխատակազմ ունեցող կառոյցներ», շեշտելով, որ «սա անկասկած հսկայական առեւտուր է»:
Պէյն հպարտօրէն կը յայտնէ, որ Ներկայացուցիչներու տան մէջ թրքական խմբաւորումը ներկայիս ունի 151 անդամ՝ 2005 թուականի 62ի փոխարէն: Ընդունելով, որ դրամով քուէներ կը գնուին, ինչպէս եղաւ պարագան Ներկայացուցիչներու տան նախկին խօսնակ Տընիզ Հասթերթի՝ ան կը պնդէ. «Մենք այնքան քուէներ չունինք, ինչպէս հայկական եւ յունական համայնքները, սակայն կրնանք ֆինանսական եւ կամաւորական աջակցութիւն ապահովել»: Ապա Պէյն կը յարձակի ծերակուտական Մենենտեզի եւ Ներկայացուցիչներու տան անդամներ Փալոնի եւ Փելոսիի վրայ, զանոնք բնութագրելով իբրեւ «(Քոնկրեսի) անուղղելի անդամներ, որոնք շատ կարծր եւ թշնամական են թուրքերու հանդէպ»:
Որպէս վարժ քարոզչութիւն ընող, ամերիկացի թրքուհին կը նշէ, որ իր կազմակերպութիւնը կը փորձէ սիրաշահիլ (ես կ՛ըսէի՝ «խաբել») Քոնկրեսի անդամները, անոնց ներկայացնելով «Հայաստանի հետ հաշտեցման պատգամ» մը: Ապա իբրեւ օրինակ ան կը մէջբերէ «ATAA-ի զօրակցութիւնը 2009 թուականի «Հայ-Թրքական Արձանագրութիւններ»ուն, յատկապէս անաչառ պատմաբաններէ կազմուած անկախ յանձնաժողովի ստեղծման ուղղութեամբ՝ հայ-օսմանական հակամարտութիւնը ուսումնասիրելու նպատակով»: Պարզ է, որ շատ ձեռնտու կը թուի Պէյնի՝ մոռացութեան տալ այն, որ Թուրքիա յամառօրէն կը հրաժարի վաւերացնելէ այդ «Արձանագրութիւններ»ը…
Ընդունելով, որ ATAA-ը հիմնուած է 1979ին, այդ օրերու Ամերիկայի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Շիւքրու Էլեքտաղի կողմէ, Պէյն ակամայ կը բացայայտէ ATAA-ի քաղաքական ընդարձակ գործունէութիւնը, որ կը խախտէ կազմակերպութեան ոչ շահութաբեր կարգավիճակը…
Անխոհեմօրէն ան կոչ կ՛ընէ ATAA-ի խումբերուն՝ «դուրս գալ այն վտանգաւոր մտածելակերպէն, թէ իբրեւ 501-c-3 (ոչ շահութաբեր) կազմակերպութիւն, իրենք չեն կրնար քաղաքականապէս աշխոյժ ըլլալ: Այս մօտեցումը լրջօրէն կը խոչընդոտէ մեր ջանքերը՝ վիճարկելու համար շրջանի հայկական ամբաստանութիւնները»:
Պէյնի այս արտայայտութիւնը հիմք ընդունելով, պէտք է բողոք ներկայացնել Ամերիկայի Ներքին եկամուտներու ծառայութեան (IRS)՝ սահմանափակելու կամ դադրեցնելու համար ATAA-ի լոպիիստական գործունէութիւնը:
Հաւանական է, որ ATAA-ը կը խախտէ Միացեալ Նահանգներու այլ օրէնքներ եւս: ATAA-ի եւ Ուաշինկթընի մօտ Թուրքիոյ դեսպանատան միջեւ յարաբերութիւնները որակելով իբրեւ «գերազանց», Պէյն կ՛ընդունի, որ Ուաշինկթընի մէջ իրարու յաջորդող թուրք դեսպանները մշտապէս «մեծ աջակցութիւն» կը ցուցաբերեն ATAA-ի, ինչպէս օրինակ՝ «դեսպանատան մէջ տեղի ունեցող բազմաթիւ հանգանակային հոյակապ ձեռնարկներու» հովանաւորումը: Կը թուի, թէ ան չի գիտակցիր, որ իր գոռոզ բացայայտումներով կրնայ ATAA-ն կանգնեցնել իրաւական լուրջ խնդիրի մը դիմաց, որ կը պահանջէ արձանագրուիլ Ամերիկայի արդարադատութեան նախարարութեան մէջ իբրեւ «օտարերկրեայ գործակալ»:
Իր եզրափակիչ խօսքին մէջ Պէյն կը մեղադրէ ամերիկեան լրատուական միջոցները «կողմնակալութեան, Թուրքիոյ մասին որեւէ լաւ լուր արգիլելու եւ քօղարկուած խտրականութեան մէջ», ապա կ՛աւելցնէ. «Լրատուական միջոցներու կողմնակալութիւնը շատ աւելի վատթարացաւ 24 Ապրիլ 2015ին՝ հարիւրամեակի հայկական պահանջներու ժամանակ… Ամէնայն հաւանականութեամբ, 100 տարի եւս կը պահանջուի՝ հակադարձելու եւ թիւրիմացութիւնները ուղղելու համար»:
Պէյն ապարդիւն յոյսեր կը փայփայէ՝ ըսելով, որ «յառաջիկայ 100 տարուան ընթացքին հայկական կեղծիքն ու քարոզչութիւնը կը մաքրուին, եւ երեւան կու գայ հաւասարակշռուած տեսակէտ մը հայ-թրքական ողբերգութեան մասին՝ յարգելով երկու ժողովուրդներու 1915 թուականի տառապանքներն ու կորուստները: Ես կը կարծեմ, որ գռեհիկ քարոզչութեան պատճառով ներկայիս այնքան արժէզրկուած է հայկական ողբերգութիւնը, որ աւելի վար իջնելու տեղ չունի… Ցանկալի է, որ համացանցը ի վերջոյ մաքրուի հայկական պահանջատիրութեան մասին սուտ տեղեկատուական աղբէն: Լիայոյս եմ՝ յաջորդ 100 տարուան համար: Հոսանքի ուղղութիւնը արդէն կը փոխուի»:
Անհրաժեշտ է, որ հայերը հակազդեն ոչ միայն թրքական կառավարութեան լոպիիստական քարոզարշաւներուն, այլեւ Օյայ Պէյնի նման «միայնակ գայլերուն»՝ առանց երբեք անցնելու բարեկրթութեան եւ օրինականութեան սահմանները…
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ